Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA ONTARIO) Ատենապետ Սերժ Շամահեանի Հետ Ոսկեփայլ Զրոյցի Մը Հետքերով


Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան ( AJA ONTARIO) ատենապետ Սերճ Շամահեան

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Քանի՞ անգամ կրցած ենք ճիշդ անձը յարմար պաշտօնի գլխուն տեսնել։ Անշուշտ շատ գոհ ու երախտապարտ պիտի ըլլայինք, եթէ այս հարցումին պատասխանը՝ «յաճախ» բառը ըլլար։ Ահաւասիկ, այսօր ես լիիրաւ համոզուած կ’ըսեմ, որ իսկապէս Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը կը վայելէ ատենապետութիւնը՝ հաւասարակշռութիւնը պահած եւ իր գիտակցութեամբ ու աշխատասիրութեամբ դրական օրինակը հանդիսացող տիար Սերժ Շամահեանին, որուն նշանաբանը եղած է հայ ոսկերչութեան իւրայատկութիւնը, ոճը եւ անունը բարձր պահել ու տարածել աշխարհով մէկ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական գործունէութիւնը վառ պահելով հայոց միասնութեան ոգին լուսաւորել։

Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA ONTARIO) առաստաղին տակ համխմբուած ոսկերիչներու արուեստի եւ արհեստի բարձրորակ զոյգ երթին մասին Սերժ Շամահեանին հետ ունեցած մեր զրոյցը ոսկիի պէս արժեւորուեցաւ, առաւելաբար` Միութեան, բարեսիրական նպատակով իրականացուցած, ձեռնարկներուն մասին մեր խօսակցութեան ընթացքին: Այդ պահը կը փափաքիմ կիսել ձեզի՝ մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ։

Ե՞րբ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հիմնուած է Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը։ Ինչպէ՞ս կ’ընթանայ Միութեան գործունէութիւնը ։

Երկու Գանատահայեր, Ճափոնի մէջ որոշում առած եւ 1995-ի Հայաստանի մէջ հիմնած են Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը։ 1999-ին Օնթարիոյ՝ Թորոնթոյի մէջ պաշտօնապէս հիմնուած է առաջին խորհուրդը։ Համաշխարհային մաշտապով 23 խորհուրդներ ունինք, որոնք իրենց քայլերը եւ որոշումները հաստատելու համար տարին անգամ մը կապ կը պահեն Միջազգային Խորհուրդին (International Chapter) հետ եւ ըստ այնմ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Մեր խորհուրդի երկու անդամներ՝ Շանթ Բորդուօկլու եւ յանձինս՝ ես, Միջազգային Խորհուրդին մէջ անդամ ենք, ինչպէս նաեւ՝ Գանատական Խորհուրդին։

Անցեալէն մինչեւ այսօր քանի ատենապետ ունեցած էք։ Որո՞նք են ձեր միութեան անդամները եւ ի՞նչ պայմաններու շնորհիւ սոյն Միութեան կրնան մաս կազմել փափաքողները։

Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը իր hիմնադրման օրէն մինչ օրս չորս ատենապետներ ունեցած է՝ Ատոմ Գնաճեան, Սեւան Թիթիզեան, Աբէլ  Քամկօզլու եւ ներկայիս ես, որ երեք տարիներէ ի վեր այս պաշտօնը ստանձնած եմ։ Միութեան ատենապետը՝ Վանիկ Ճէլիլեանն է, իսկ պատասխանատու անդամներն են՝ Աբէլ Քամկօզլու, Հայկօ Տէրեան, Շանթ Բուրուդօկլու եւ Այտա Գնաճեան, որոնք ջանք ու ճիգ չեն խնայեր մեր Միութիւնը աշխոյժ պահելու սիրոյն։ Միութեան անդամակիցները թորոնթոհայ ոսկերիչներ են, անոնց մէջ կան նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած եւ  Թորոթնթօ հաստատուած լիբանանահայեր, պոլսահայեր, սուրիահայեր…:Մեր դռները միշտ բաց են նոր անդամներուն համար։ Նոր դէմքեր եւ արժանավայել գործունեայ անդամներ կ’ուզենք ներառել մեր միութեան, որպէսզի անոնք իրենց փորձառութիւնը փոխանցեն մեզի ու իրենց ողջունել եւ դրական նոր գաղափարները իրականութիւն դարձնենք՝ ի նպաստ մեր հայկական ոսկերչութեան, ոսկերիչներուն եւ թորոնթոհայութեան։ Այսօր մենք՝ Թորոնթոյի ոսկերիչներս, աշխարհի մէջ մեր ծանրակշիռ դերը եւ դիրքը ունինք… շնորիւ մեր անդամներուն եւ համակիրներուն աշխատասիրութեան, պարկեշտութեան եւ ճշդապահութեան մեծ յարգանք կը վայելենք բոլորին կողմէն ։

Տարիներու ընթացքին Ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցած է Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը կամ ո՞ր դժուարութիւնները յաղթահարելով հասած է այս բարեհամբաւ դիրքին։

Անցեալէն մինչեւ այսօր ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն (Non Profit Organisation) մը եղած է մեր Միութիւնը, քաղաքական դիրքորոշումներէ հեռու մնացած է եւ իր յարկէն ներս ընդունած է հայ ազգի բոլոր արժանի զաւակները։ Տարիներ առաջ դժուրութիւններու հանդիպած միութեան գործունէութիւնը սառած էր, սակայն 2015 թուականին վերածնունդ ապրեցաւ՝ շնորհիւ իր բարձրորակ գործունէութեան եւ բարձրորակ աշխատանքին։ Նախկին օրերուն դրամատուներուն մէջ սառած հաշիւները վերադարձան իրենց աշխոյժ ընթացքին։ Ես եղայ AJA ONTARIO-ի ատենապետը ու  երբ որ խորհուրդի հանդիպումին ներկայ գտնուեցայ  քննադատութիւն մը բարձրացուցի ըսելով, որ ինչո՞ւ միայն մի քանի անձեր կան ու անոնք են որ կը մնան board-ին վրայ։ Առաջարկեցի, որ այդ պաշտօնին արժանի աշխատասէր, պատասխանատութիւն վերցնող, լաւ անուն ունեցող ու մեր Միութեան համապատասխանող նոր անհատներ ներառենք, որոնց շնորհիւ աւելի կը զարգանայ մեր գործունէութիւնը։ Այդպէս ալ եղաւ ու անցեալի դժուար օրերը մեր ետին նետելով առաջ անցանք ու հասանք այս օրերուն։ Ահաւասիկ, տարիներէ ի վեր մեր գործունէութեան հետ մէկտեղ բարեսիրական գործունէութիւն ալ կը ծաւալենք։

 

Ձեր Միութեան նուաճումներուն եւ յատկապէս բարեսիրական գործունէութեան մասին  որոշ չափով տեղեակ եմ։ Այս ծիրէն ներս աւելի մնարամասն տեղեկութիւն կրնաք տալ։

Օնթարիոյի Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը Գանատական ոսկերչական հաստատութիւններուն հետ շատ սերտ կապեր ունի եւ այդպիսով աւելի հզօր դարձած է։ Այսօր մենք կրցած ենք,  ոսկերչութեան ոլորտէն ներս, մեր բոլոր հայրենակիցներուն գործեր ապահովել։ Վերջին չորս տարիներու ընթացքին Գանատա հաստատուած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն մեծամասնութեան աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծած ենք։ Մեր նուաճումներուն մաս կը կազմեն միութեան կազմակերպած տարեկան հաւաքոյթները, որոնց  հասոյթը ամբողջովին կը յատկացուի բարեսիրական նպատակներու իրագործման՝ ի մասնաւորի Հայաստանի եւ հայկական  օճախներու օգնութեան։ Ներկայ եղաք մեր տարեկան Կալա ընթրիք-աճուրդին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, Angus Glen Golf Club–ի մէջ։ Բարեսիրական նպատակով ձեռնարկուած այս երեկոյին աճուրդի հասոյթը ամբողջովին նուիրուեցաւ ՀՕՄի Թորոնթոյի Ամենօրեայ վարժարանին։

Կը հաւատամ, որ շնորհիւ մեր աշխատանքին եւ բարեսէր անդամներու առատաձեռնութեան տակաւին երկար տարիներ պիտի կարենանք նեցուկ կանգնիլ մեր հայրենիքին ու ազգին։

 

Մեր ժողովուրդին մէջ անցեալին ծնունդ առած եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած հայ ոսկերչութիւնը իր նրբութեամբ, իւրայատկութեամբ, բարձրորակ ոճով եւ զարդանախշերով ո՛չ միայն զարդարած ու գեղեցիկ տեսք տուած է մեր արտաքինին, այլ՝ անոր փայլքը հասած է զայն հիւսող վարպետի սրտին ու հոգիին ու Հայ Ոսկերիչներու Միութեան շնորհիւ տարածուած է աշխարհով մէկ։