Օնթարիոյի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան Այցելեց Հայ Կեդրոն


Հիւպատոս Լափոյեան (կեդրոն) Հայ Կեդրոնի պատասխանատու Սեւակ Քիւփէլեանի (ձախին) եւ Յակոբ Ճանպազեանի հետ:

Յունուար 14ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան ՀՕՄի երկրորդական վարժարանի բարերար Վարուժան Լափոյեանի հետ։

Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մաղթանքներէ ետք՝ շնորհաւորեցին նաեւ ազգային բարերարին՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ որպէս Օնթարիոյի պատուոյ հիւպատոս նշանակումը։

Հայ Կեդրոնի պատասխանատուները համագործակցութեան եւ հայրենիքի վերելքին զօրակցելու նոր յանձնառութեամբ՝ յաջողութեան բարեմաղթանքներ յայտնեցին նորանշանակ հիւպատոսին։

Այս առիթով որոշուեցաւ նաեւ  Հայ կեդրոնի յարկէն ներս կազմակերպել հաւաքոյթ մը ի պատիւ՝ հիւպատոս Լափոյեանի: