«Օրորա» Մրցանակին Արժանացաւ Բժիշկ Թոմ Քաթինան


Սուտանի 750 հազար բնակիչ ունեցող Նուպա լեռներուն մէջ աշխատող կաթոլիկ անուանի միսիոնար, բժշիկ Թոմ Քաթինա, Մայիս 28ին, ընտրուեցաւ «Օրորա» 2017ի մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր: Ան 2017ի դափնեկիր ընտրուած է 66 երկիրներէ ստացուած աւելի քան 550 առաջադրումներէն։

Իբրեւ «Օրորա»ի դափնեկիր՝ Թոմ Քաթինային պիտի շնորհուի 100,000 ԱՄՆ տոլարի պարգեւ` շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ $1,000,000 դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` աջակցելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:

Նշենք, որ Թոմ Քաթինա արդէն երկար տարիներ կ՛աշխատի Սուտանի Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող “Գթութեան մայր հիւանդանոցին մէջ: Ան այնտեղի միակ բժիշկն է  եւ պատասխանատու է շրջանի 750 հազար բնակիչներու բժշկական սպասարկման համար: Հիւանդանոցը բաւական հեռու է միւս բնակավայրերէն, եւ հիւանդները յաճախ ոտքով կը հասնին այնտեղ:

Հիւանդանոցը այսօր ունի 450 մահճակալ, բայց յաճախ անոնք բաւարար չեն` բոլոր հիւանդներն ու վիրաւորները ընդունելու համար. լրացուցիչ մահճակալները ստիպուած կ՝ըլլան պատշգամբին դնելու: Մեծերու համար նախատեսուած մէկ մահճակալին վրայ միաժամանակ կը պառկի քանի մը երեխայ:

Հիւանդանոցին մէջ կայ նաեւ ժամանակակից սարքերու պակաս: Ցաւազրկման համար անոնք շատ հին սարքեր կ՝օգտագործեն, իսկ մինչեւ վերջերս անդամահատումը կ՝ընէին սովորական սղոցով: Անցեալ ամիս, Քաթինայի խօսքով, երկարամեայ սպասումէ ետք, իրենց հիւանդանոցը վերջապէս ստացած է նկարող սարք:

Հիւրերը մեծարանքի արժանացուցած են նաեւ մրցանակի միւս երեք յաւակնորդները` Սոմալիէն Ֆարթուն Ատանին եւ անոր դուստրը` Իլուատ Էլմանը, Աֆղանիստանէն կանանց իրաւունքներու պաշտպան Ճամիլա Աֆղանը, Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ Մուհամմատ Տարուիշը եւ Տէնիս Մուգվեկէն, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ Քոնկոյի մէջ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50,000 կանանց:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան 100 LIVES եւ Aurora Prize նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան:

Արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.:

Նշենք, որ Aurora Prize մրցանակաբաշխութեան նպատակն է Ցեղասպանութիւնը վերապրած բոլոր հայերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնել փրկիչներուն: Հարիւր տարի առաջ անոնց դրսեւորած քաջութեան յիշատակին՝ մրցանակով պիտի պարգեւատրուին ժամանակակից հերոսները, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը յանուն ուրիշներու փրկութեան:

«Օրորա» մրցանակը շնորհելով` 100 LIVES նախաձեռնութիւնը ճանաչման կ՝արժանացնէ մերօրեայ հերոսները, որոնք անձնուիրաբար կ՝օգնեն մարդոց: Անիկա հիմնած են հայ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Քարնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեան:

Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր: