«Օրորա» Մրցանակին Արժանացաւ Ռոհինկա Ժողովուրդի Առաջնորդ եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Չօ Լա Աուն


Յունիս `10ի վաղ առաւօտեան, ամենամեայ «Օրորա» մրցանակի երրորդ դափնեկիր ճանչցուեցաւ իրաւաբան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Չօ Լա Աուն` մեծարանքի արժանանալով այն նուիրումի համար, որով ան, հակառակ բոլոր բռնաճնշումներուն, հետապնդումներուն եւ հալածանքներուն, պայքարած է միանմարցի ռոհինկա ժողովուրդի հաւասարութեան, կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար:

Անոր անունը` որպէս դափնեկիր, յայտարարուեցաւ  Հայաստանի մէջ` արեւածագին, Արարատ լերան ստուերի տակ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին:

«Օրորա» մրցանակը կը շնորհուի «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունէն`ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: Չօ Լա Աուն «Օրորա» մրցանակի 2018 թուականի դափնեկիր ընտրուած է 115 երկրէ առաջադրուած 750 թեկնածութիւններու ցանկէն:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Վարդան Գրեգորեան Չօ Լա Աունի մասին դրուատանքի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Յիշելով, թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնի տեղահանութեան ճանապարհներուն հայերը եւ յատկապէս կանայք ու երեխաները ինչպիսի սարսափներու ու վայրագութիւններու ենթարկուած են, մենք մեծագոյն պատասխանատուութեամբ այժմ ոտքի  կանգնած ենք՝ աջակցելու Չօ Լա Աունի մարդապաշտպան գործին, որ օր մը պիտի յանգեցնէ անոր, որ գործի դրուին պետական եւ միջազգային օրէնքներ` կոչուած պաշտպանելու մարդոց խոցելի խումբերուն: Սեփական կեանքի համար մեծագոյն սպառնալիքի պայմաններու մէջ Չօ Լա Աուն վիթխարի աշխատանք կը կատարէ` օրինակ դառնալով այն հեռահար ազդեցութեան, որ կրնայ ունենալ մէկ անհատը` սկիզբ դնելով մեծ շարժման եւ օգնելով մարդոց վերափոխելու իրենց կեանքը»:

Որպէս «Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկիր` Չօ Լա Աուն պիտի ստանայ 100,000  տոլարի պարգեւ, ինչպէս նաեւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն` մրցանակի 1,000,000 տոլարի մրցանակը իր ընտրութեամբ նուիրաբերելով հետեւեալ երեք միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք Մեանմարի մէջ բժշկական օգնութիւն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրեն փախստականներուն.

ա․ «Բժիշկներ առանց սահմաններու», Լոնտոն  (Médecins Sans Frontières)

բ․  MERCY Մալայզիական բժշկական նպաստամատոյց, Մալայզիա (Malaysian Medical Relief – MERCY Malaysia)

գ․  Գաղթականութեան միջազգային կաթոլիկ յանձնաժողով, Զուիցերիա, ԱՄՆ (ICMC – International Catholic Migration Commission)

Չօ Լա Աուն տասնամեակներ շարունակ մեծ նուիրումով գործած է` իրաւապաշտպանի իր հմտութիւնները ի սպաս դնելով քաղաքացիութենէ զրկուած ռոհինկա ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքներու համար մղած պայքարին: Ան նուիրուած է Մեանմարի կառավարութեան կողմէ հետապնդուող հարիւր հազարաւոր իսլամ փախստականներու եւ կրթութենէ զրկուած երեխաներու իրաւունքներու եւ արդարութեան պայքարին: Ստանձնած առաքելութեան հետեւանքով, կեանքի 12 տարին ան բանտարուած է եւ ծանրագոյն զրկանքներու ենթարկած անոր ընտանիքը:

«Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկիր հռչակուելու վերաբերեալ Չօ Լա Աուն ըսաւ. «Իմ ժողովուրդը կ՛ենթարկուի դաժան սահմանափակումներու, եւ արդէն կորսնցուցած է իր խիզախութիւնն ու սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատքը, դարձած անգրագէտ, ուստի եւ` ընչազուրկ: «Օրորա» մրցանակի աջակցութիւնը կարեւոր ճանաչում կը բերէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու ենթարկուած բոլոր իսլամներուն, եւ ռոհինկա ժողովուրդի թշուառ կացութիւնը օրէօր աւելի նկատելի կը դառնայ միջազգային հանրութեան կողմէ»:

«Չօ Լա Աունի գործը «Օրորա» մրցանակի ոգու մարմնաւորումն է: Ան ի ցոյց կը դնէ այնպիսի բացառիկ ազդեցութիւն, որպիսին անհատը կրնայ ունենալ յաճախ անխափանելի թուացող անարդարութեան դէմ պայքարելու, եւ կ՛ոգեշնչէ մեզ` տեսնելու, թէ որքան մեծ հետք կրնայ ձգել աշխարհի ամենախոցելի մարդոց օգնելուն ի նպաստ կատարուած խիզախ քայլը», ըսած է  «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, Իռլանտիայի նախկին նախագահ եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար Մերի Ռապինսըն:

«Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկրին պատուելու համար Հայաստան ժամանած են միջազգային մարդասիրական հանրութեան առաջատար ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամներ, որոնց մէջ՝ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Շիրին Էպատին, Իռլանտիայի նախկին նախագահ Մերի Ռապինսըն, Աւստրալիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Գարեթ Էվընս, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլէօ, «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ Ֆրանսայի նախկին արտաքին  գործոց նախարար Պերնարտ Քուշներ, Լոնտոնի կայսերական քոլեճին կից Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն Արա Տարզին եւ ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր:

«Օրորա»ի միջոցառումներու մասնակիցները մեծարանքի արժանացուցին նաեւ այն ներդրումը, որ ունեցած են «Օրորա» մրցանակի 2018ի միւս երկու հերոսները` կանանց իրաւունքների պաշտպան եւ Հնդկաստանի «Փրաջուալա» կազմակերպութեան համահիմնադիր Սունիթա Քրիշնան եւ Մեքսիքայի մէջ կեդրոնաամերիկեան ներգաղթեալներուն աջակցող «72. տուն եւ ապաստան գաղթականներու համար» կազմակերպութեան հիմնադիր Հայր Թոմաս Լոնսալես Քասթիլէոն: