«Օրորա» Մրցանակի Առաջին Մրցանակակիր Մարկրիթ Պարանկիցէ Այցելած է Արցախ


«Արցախփրես»․- «Ազատ Արցախը ողջունեց «Օրորա»ի 2016ի մրցանակակիրը` Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ շուրջ 30,000 երեխայի կեանք փրկած Մարկրիտ Պարանկիցէն:

Մայիս 22ին, Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի ու Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի ուղեկցութեամբ՝ Մարկրիտ Պարանկիցէ այցելեց Շուշիի եկեղեցի, աղօթեց եւ մոմ վառեց:

Այնուհետեւ Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան հոսքային դպրոցի նախապատրաստական խումբի երեխաները ողջունեցին հիւրը եւ անոր նուիրեցին խորհրդանշական յուշանուէրներ: Ան այցելեց Շուշիի երկրաբանութեան պետական եւ գորգերու թանգարաններ, ծանօթացաւ ցուցանմուշներուն, եղաւ Շուշիի իրանական մզկիթ:

Նարեկացի արուեստի միութեան մէջ Պարանկիցէ հանդիպեցաւ երեխաներուն, որոնց հետ պարեց հայկական ազգային պարեր: Երեխաները մեծ մարդասերին նուիրեցին Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւն»ը, իր դիմանկարը, խաչով թեւնոց:

«Երեխաները մեր մեծագոյն հարստութիւնն են, մեր ապագան կերտողները: Մենք շատ շնորհակալ ենք ձեր բարեկամական ջերմ ընդունելութեան համար: Ես լաւ գիտեմ հայ ժողովրդի պատմութիւնը. շատ անգամներ փորձած են ձեզի ոչնչացնել, կոտրել ձեր կամքը, բայց ոչ մէկը չյաջողեցաւ ատիկա ընել. դուք կը շարունակէք ապրիլ, պաշտպանել ձեր հողը ու շէնցնել ձեր հայրենիքը», ըսաւ Պարանկիցէ:

«Ես տպաւորուած ու հիացած եմ արցախցիներու տոկունութեամբ: Ապրելու տենչն ու հաւատքը, պայքարելու կորովը, սէրը` մարդու եւ կեանքի նկատմամբ, փրկած է Հայաստանն ու հայերը, ընդգծեց  ան։

Ան յայտնեց, որ Twitterի իր էջին մէջ ազրպէյճանցիները սպառնացած են իրեն, որ եթէ  ոտք դնէ Արցախ, չի կրնար երբեք մեկնիլ Ազրպէյճան: Ըստ անոր, ազրպէյճանցիներուն արձագանգը իրեն համար մարտահրաւէր էր, եւ ինք ատոր բացասաբար կը վերաբերի:

«Ձեր պահուածքով դուք նոր յոյս ու հաւատք կը ներշնչէք շատ շատերուն: Այն ազգը, որուն համար յենարան է հաւատքը եւ Աստուծոյ սէրը, միշտ ալ կանգուն պիտի մնայ», ըսաւ է ան եւ շեշտած,- երբ ես դարձայ «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր, հասկցայ, որ Օրորա Մարտիկանեանի եւ հայ ժողովուրդի անցած ուղին շատ նման է իմ անցած կեանքի ճանապարհին»:

Անոր համոզումով` ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը կը փորձէին ջնջել աշխարհի երեսէն, այնպէս ալ վարուած են իր հայրենի Պուրունդիի հետ:

«Երբ Շուշիի եկեղեցւոյ բակը տեսայ հրեշտակներու թեւերով երեխաներու արձանիկները, զգացի, որ նոյն հրեշտակները կը պահպանեն այս երկիրը: Ես վստահ եմ` Արցախ աշխարհը միշտ ալ կանգուն պիտի մնայ», ըսաւ ան:

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան կարեւոր համարեց Մարգարիտ Պարանկիցէի մարդասիրական առաքելութիւնը:

«Շնորհակալութիւն Արցախ այցելելու համար: Մենք նոյնպէս բազմաթիւ խոչընդոտներու մէջէն անցած ենք եւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ ձեռք մեկնել այն մարդոց, որոնք պատերազմի, բռնութիւններու պատճառով կորսնցուցին իրենց վերջին յոյսը: Մենք պէտք է միաւորենք մեր ուժերը` հաստատելու համար յարատեւ խաղաղութիւն», ըսաւ նախարարը։