«Օրօրա»ի Առաջին Դափնեկիրը Պիտի Յայտնուի Հայկական Նամականիշի Վրայ


«Մեդիամաքս»․- «Հայփոստ»ը Մայիսին պիտի թողարկէ նոր նամականիշ` «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:

Նամականիշին  վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Մարգարիտ Պարանկիցէն` «Օրօրա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը: Նամականիշին թողարկումը եւ մարումը տեղի պիտի ունենայ 2017ին՝ «Օրօրա» մրցանակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Անոր հետ միասին «Հայփոստ»ը պիտի թողարկէ 150 ՀՀ դրամ արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրօններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով իրականացուող նախագիծերուն:

«Մենք հիմնադրած ենք «Օրօրա» նախաձեռնութիւնը` ի երախտագիտութիւն յատկապէս անոնց, որոնք վտանգի կ՛ենթարկէին իրենք-զիրենք`  փրկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածները: Եւ մենք  կ՛ուզենք երախտագիտութիւն արտայայտել` շարունակելով բարին գործել, աջակցելով մերօրեայ հերոսներուն, որպէսզի անոնք նոյնպէս կարենան յուսադրել եւ ձեռք մեկնել մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիք ունեցողներուն: Այսպիսով, մենք կ՛ըսենք, որ այդ վերապրողները այսօրուան փրկողներն են: Սա ոչ միայն կարեւոր կը դարձնէ յիշողութիւնը, այլեւ երախտագիտութիւնը գործի կը վերածէ: «Օրօրա»ի իւրաքանչիւր նախագիծ` ներառեալ Մէգիի նամականիշը եւ նուիրատուութեան կտրօնը, հնարաւորութիւն կու տան ընդլայնելու «Օրօրա»ի համայնքը` երախտագիտութիւն յայտնելով եւ շարունակելով նուիրատուութեան շղթան», ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան։

Մարգարիտ Պարանկիցէն, որ Maison Shalom խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է, «Օրօրա» մրցանակի արժանացած է այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ունեցած է Պուրունտիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Ան փրկած է 30 հազար երեխայ` անոնց տալով օթեւան եւ խնամք:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսպիսի ճանաչման արժանանալը, բայց նաեւ ոգեւորիչ է գիտակցիլ, որ սէրը միշտ պիտի յաղթէ ատելութեան եւ չարիքին: Ես կը հաւատամ, որ այս նամականիշը պիտի նպաստէ «Օրօրա» մրցանակի առաքելութեան տարածման` ճանչման արժանացնելով այն կիներն ու տղամարդիկ, որոնք բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար», ըսած է Մարգարիտ Պարանկիցէ:

Նամականիշը ունի 350 դրամ անուանական արժէք; Անիկա պիտի թողարկուի 40 հազար օրինակով; Մարման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017ի Մայիսին` Մարգարիտ Պարանկիցէի ներկայութեամբ, որ Երեւան պիտի ժամանէ` մասնակցելու 2017ի «Օրօրա» մրցանակի  ձեռնարկներուն:

«Օրօրա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին Ապրիլ 24ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Յաւակնորդներէն մէկը Մայիս 28ին Երեւանի մէջ պիտի ճանչցուի 2017ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Ապրիլ 24էն Մայիս 28 «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհով մէկ պիտի  կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` ներկայացնելով մրցանակի 2017ի յաւակնորդները ոգեշնչող պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ: