Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովը Շատ Կարեւոր է Ինչպէս Հայաստանի, Այնպէս Ալ Ֆրանսայի Համար․ Ֆրանսայի Դեսպան


Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը շատ կարեւոր է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ֆրանսայի համար, յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցող «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան» տաղաւարի ներկայացման նուիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Ան աւելցուցած է, որ 2018ի Հոկտեմբեր 11-12ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը, երբ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ 84 երկրի պատուիրակութիւն, որոնց մեծ մասը Հայաստանի մէջ դեսպանութիւններ չունին ու պիտի բացայայտեն Հայաստանը առաջին անգամ, կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Հոկտեմբեր 7էն մէկ շաբաթ շարունակ Երեւանը պիտի ըլլայ Ֆրանսախօսութեան կեդրոն: Ան նշած է, որ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը շատ կարեւոր է ոչ միայն այն պատճառով, որ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի համար անիկա առաջնային է, այլ նաեւ, որ Մաքրոն Հայաստան պիտի ըլլայ նաեւ պետական այցով: Դեսպանը նշած է, որ Հոկտեմբեր 11-12ին Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին, որմէ առաջ Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ երկկողմ այցով:

«Գագաթնաժողովը մէկ կողմէ, բայց Մաքրոնի այցը շատ խիտ օրակարգ կը բերէ Հայաստանի ու Ֆրանսայի համար: Սակայն Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը ոչ միայն երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպում է, այլ նաեւ տօն է: Ֆրանսան կը ցանկայ ներկայացնել ֆրանսերէնը` իր բոլոր տարրերով», ըսած է դեսպանը:

Քաղաքական օրակարգէն բացի Հոկտեմբեր 7-էն 12 Երեւանի կեդրոնին մէջ պիտի գործէ «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան»ը, ուր 20 երկիրներու տաղաւարներու շարքին իր տեղը պիտի ունենայ Ֆրանսայի տաղաւարը: Տաղաւարներ պիտի ունենան նաեւ Պելճիքան, Զուիցերիան, Ափրիկեան երկիրները, որոնք բաց պիտի ըլլան ինչպէս հայաստանցիներու, այնպէս ալ այդ ժամանակահատուածին Հայաստան գտնուող հազարաւոր հիւրերու համար:

«Տաղաւարի միջոցով ուղարկուող պատգամը այն է, որ ֆրանսերէնը հնարաւորութիւններու լեզու է: Ֆրանսերէնը ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան բոլոր 84 երկիրներու լեզուն է, որով կը խօսին մօտ 280 միլիոն մարդ` 5 մայրցամաքներուն մէջ: Ֆրանսերէնը մէկն է այն 2 լեզուներէն, որով կը խօսին բոլոր մայրցամաքներու մէջ», ըսած է դեսպան Լաքոթ:

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին մէջ Ֆրանսայի տաղաւարը ուղղուած պիտի ըլլայ հանրութեան տարբեր հատուածներուն։ Տեղի պիտի ունենան տնտեսական, մշակութային, մետիա, արհեստագիտական եւ կրթական բազմաթիւ ձեռնարկներ:

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ 2018ի Հոկտեմբեր 11-12: Կը նախատեսուի աւելի քան 50 երկրի ղեկավարի եւ 100 բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը: Երկօրեայ գագաթնաժողովի մեկնարկէն երեք օր առաջ տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նաեւ մշտական խորհուրդի նիստը: Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունենալիք տնտեսական գործարար ֆորումին կ՛ակնկալուի ֆրանսախօս երկիրներու ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու լայն ներկայացուածութիւն: