Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Համաժողովին Մասնակիցները Հիացած Են Հայկական Բարձր Արհեստագիտութեանց Ընկերութիւններու Նորարարութիւններով


Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունենալիք տնտեսական համաժողովին մասնակիցները «Տիջիթէք էքսփօ» ցուցահանդէս այցելութեան ընթացքին հիացմունք յայտնած են հայկական բարձր արհեստագիտութեանց ընկերութիւններու յաջողութիւններուն առթիւ: Հոկտեմբեր 9ին մասնակիցները այցելած են ցուցահանդէս ` ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարար Մանէ Ադամեանի ուղեկցութեամբ:

 «Որոշեցինք մեր հիւրերուն անպայման հնարաւորութիւն տալ նաեւ մասնակցելու եւ տեսնելու Հայաստանի մէջ որոշ վայրեր: Եւ քանի որ «Տիջիթէք էքսփօ»ն այս տարի կը կազմակերպուէր Հոկտեմբեր 5-7, որոշեցինք կազմակերպիչներուն հետ քիչ մը երկարաձգել ցուցահանդէսը եւ հնարաւորութիւն ընձեռել, որ ՏԱ ոլորտի մէջ ներկայացուած մեր բոլոր ընկերութիւնները կարենան հիւրերուն ներկայացնել մեր արտադրանքը եւ այն աշխատանքը, զոր իրենք կը կատարեն», ըսած է Ադամեան:

Հիւրերը ծանօթացան արհեստագիտութիւններու զարգացման համաշխարհային միտումներուն, ոլորտի ներկայացուցիչները ցուցադրեցին նորարական լուծումները:

Ֆրանսացի գիւտարար, CYCLADES ցանցի հիմնադիրներէն Լուի Պուզան նշած է, որ հայկական ընկերութիւնները զինք իսկապէս զարմացուցած են:

«Շրջայցի ընթացքին զիս հասցուցած են յատկապէս քանի մը տեղերու մէջ զարմացնել: Հայաստանի ընկերութիւնները ունին նորարարութեան զգացողութիւն, ապագայի նկատմամբ պատկերացումներ, կը քալեն աշխարհին համահունչ», ըսած է Պուզան ու աւելցուցած` ընկերութիւնները արդէն հասցուցած են տպաւորել զինք:

Պուզան պիտի ըլլայ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի տնտեսական համաժողովի հիմնական բանախօսներէն մէկը: