Ֆրանսահայ Համայնքը Անպայման Ներդրում Կ՛ունենայ Աստուածամօր Տաճարի Վերակառուցման Գործին Մէջ․ Մուրատ Փափազեան


“Թերթ”,- Ֆրանսայի հայ համայնքը Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերակառուցման օժանդակելու հարցը պիտի քննարկէ երկրի կառավարութեան հետ Ապրիլ 24ին,  յայտնած է Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Մենք, անպայման, ներդրում պիտի ունենանք Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերակառուցման գործին մէջ», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով՝ իրենք դեռ այդ հարցը չեն քննարկած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ: «Ապրիլ 24ին մենք ձեռնարկ ունինք: Մենք, այդ օրը, Կոմիտասի արձանին մօտ, Ֆրանսայի կառավարութեան հետ ձեռնակին` անոնց հետ այդ թեմայով քննարկումներ պիտի ունենանք: Կը նախատեսենք այդ օրը Կոմիտասի արձանին մօտէն շարժիլ դէպի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն», ըսած է ան:

Մուրատեան յիշեցուցած է, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, Ապրիլ 22ին, նախատեսուած էր պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, բայց տաճարի հրդեհէն ետք՝ պատարագը չեղեալ յայտարարուած է: