Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածուները Պէտք Է Երաշխիք Տան, Որ Իրենց Դիրքորոշումները Կեղծ Չեն. Մուրատ Փափազեան


«Թերթ»․- Ֆրանսայի հայ համայնքը տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներէն որո՛ւն իր ձայնը պիտի տայ, իւրաքանչիւր ֆրանսահայ պէտք է առաջնորդուի իր անձնական ցանկութիւններով, ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

Այն դիտարկումին, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներէն ոմանք խօսած են հայկական խնդիրներու`  Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Մուրատ Փափազեան պատասխանած է, որ լրատուամիջոցը անոնց այդ նիւթերով հարցումներ ուղղած է, անոնք ալ խօսած են: «Այսօր կոչ չենք ուղղեր, որ հայերը քուէարկեն ի նպաստ ոեւէ թեկնածուի: Կան թեկնածուներ, որոնք դրական ձեւով արտայայտուած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մասին, սակայն չկայ այն թեկնածուն, ինչպէս որ էր Ֆրանսուա Հոլլանտը, որ կարեւորութիւն տուած է հայկական հարցերուն, իրեն հետ քննարկումներ կատարած ենք, իրեն հետ աշխատած: Նոյն մակարդակին վրայ չեն հիմա այլ թեկնածուներու հետ մեր յարաբերութիւնները», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, թեկնածուները հայ համայնքին ուղղուած առաջարկներով հանդէս չեկան, որովհետեւ անոնք կարծեցին, որ կրնան բաւարարուիլ մամուլին տուած իրենց հարցազրոյցներով, ինչ որ, ըստ անոր, սխալ էր:

«Մենք զանոնք քաջալերեցինք, որ տարբեր ձեւերով իրենց դիրքորոշումը յայտնեն հայկական հարցերու վերաբերեալ` մեր, համայնքին առջեւ, որպէսզի լաւ հասկնանք իրենց դիրքորոշումին մակարդակը: Սակայն այդպիսի բան տեղի չունեցաւ: Եւ հիմա մենք յստակօրէն իրենց մասին ո՛չ բացասական, ո՛չ ալ դրական կարծիք ունինք», ըսած է ան:

Փափազեան նշած է, որ իրենց ցանկութիւնն ու պահանջը այն է, որ թեկնածուները քաղաքական յարաբերութիւններ ունենան իրենց հետ: «Թեկնածուները պէտք է ընդունին համայնքը, երկխօսութիւն պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի մենք կարենանք դատել, թէ անոնց ըսածները միայն ընտրակա՞ն կեցուածք են, թէ՞ քաղաքական: Այդ առիթը չունեցանք: Ատոր համար համայնքը եւ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ոեւէ թեկնածուի օգտին չեն աշխատիր: Ատոր համար ընտրութիւններու առաջին փուլին համար ոեւէ մէկուն ընտրելու կոչ չենք ուղղած», յայտնած է ան:

Փափազեանի համաձայն, համայնքը տակաւին կը սպասէ երկրորդ փուլին: 24 Ապրիլին` ընտրութեան յաջորդ օրը արդէն պիտի ըլլայ ձեռնարկ, որուն ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսուա Հոլլանտն ու երկրորդ փուլ անցած երկու թեկնածուները:

«Պիտի դատենք. եթէ երկրորդ փուլին առիթով կարելի ըլլայ կոչ ուղղել. պիտի ուղղենք: Հիմա այդ փուլէն առաջ ոչինչ կ՛ընենք», ըսած է ան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք համայնքը իր լծակները պիտի չկորսնցնէ՞, եթէ ոեւէ թեկնածուի չզօրակցի, ան պատասխանած է. «Չենք կորսնցներ: Նոյնը չէ Ֆրանսուա Հոլլանտի համեմատած: Բոլորովին տարբեր է, քանի որ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ երկար պատմութիւն ունինք: Ժամանակ ունեցած ենք, որպէսզի ան կարենայ մեզի փաստել, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի բարեկամն է: Այս անգամ չկայ այդպիսի բան: Տակաւին երկրորդ փուլ կայ, համայնքը պէտք է կողմնորոշուի, տակաւին Ապրիլ 24 կայ եւ հաւանական է, որ համայնքը կողմնորոշուի: Եթէ թեկնածուները իրենց դիրքորոշումը չյայտնեն, իրենք գիտեն, որ ձայները քիչ չեն, մենք ալ չենք կողմնորոշուիր: Պէտք է թեկնածուները երաշխիք տան մեզի, որ իրենց դիրքորոշումները կեղծ չեն», ըսած է Փափազեան: