Ֆրեզնոյի Մէջ Բացուեցաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի Տուն-Թանգարանը


Ձախէն աջ՝ Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Էզմերալտա Սորիա,Արթիւր Ջանիբէկեան եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրէնտ

ՖՐԵԶՆՕ, «Ֆրեզնօ Պի».- Օգոստոս 31ի յետմիջօրէին, հեղինակաւոր գրողի՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի 110-րդ տարեդարձի օրը, Ֆրեզնոյի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցաւ անոր տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումը։

Թանգարանին մէջ, արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով «վերակենդանացած» Սարոյեանին տպաւորիչ ներկայութեան կողքին, կան անոր աշխատանքի գրասեղանն ու հեղինակին գործածած իրերը, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, տեսանիւթեր, որմազդներ եւ հեղինակին գծագրութիւնները։

«Վերակենդանացած» Սարոյեանը, իր տուն-թանգարանին մէջ

Ֆրեզնոյի մէջ 1908ին ծնած Ուիլեըմ Սարոյեան մահացած էր Ֆրեզնոյի Վեթերաններու հիւանդանոցին մէջ։ Ան թանգարանի վերածուած բնակարանը գնած էր իր մահէն 17 տարի առաջ եւ փոխն ի փոխ ապրած էր հոն եւ արտասահման (գլխաւորաբար՝ Փարիզ)։

Հայաստանի մէջ հիմնուած «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը 2015ին գնած էր հեղինակին բնակարանը՝ զայն վերածելու համար տուն-թանգարանի։

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ, Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Էզմերալտա Սորիա եւ «Մտաւորական զարթօնք»ի հիմնադիր Արթիւր Ջանիբէկեան։

Իր խօսքին մէջ, Սորիա, որուն ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնայ թանգարանը, յիշեցուց, որ Սարոյեանի բնակարանը ներկայ Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը կը գտնուի եւ աւելցուց, որ ան պարտադրուած էր այդ շրջանին մէջ գնելու իր բնակարանը, որովհետեւ քաղաքին օրէնքները չէին արտօներ, որ գաղթականները որոշ շրջաններու մէջ ապրին կամ բնակարաններ գնեն։

«Հակառակ անոր, Սարոյեան մօտիկ կը զգար Ֆրեզնոյին եւ իր սիրտը Ֆրեզնօ ձգեց», աւելցուց ան։

Թանգարանը բաց է Երեքշաբթիէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։ Հասցէն է՝ 2729 W. Griffith Way, Fresno, CA 93705։

Յիշեցնենք, որ Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդը Օգոստոս 30ին  վաւերացուցած էր բանաձեւ մը,  Օգոստոս 31ը հռչակելով Ուիլիըմ Սարոյեանի օր։

(Քաղուած Էշլի Բանուի թղթակցութենէն)

Լուսանկարները՝ ԷՇԼԻ ԲԱՆՈՒի