ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Աշանանային Բանակում


ՀՄԸՄի աշնանային բանակումէն պատկերներ, 26-27-28-Հոկտեմբեր 2018ին, ՙWoodland Trails՚ բանակավայրէն ներս:

ՀՄԸՄ Թո­րոն­թօ մաս­նա­ճիւ­ղի Ա­րի Ա­րե­նուշ­ներ, Ե­րէց Պար­մա­նու­հի­ներ եւ Ա­ւագ ե­րէց­ներ ի­րենց աշ­նա­նա­յին բա­նա­կու­մը կա­տա­րե­ցին 26-27-28-Հոկ­տեմ­բեր 2018-ին ՙWoodland Trails՚ բա­նա­կա­վայ­րեն ներս` մաս­նակ­ցու­թեամբ 100 քոյ­րե­րու եւ եղ­բայր­նե­րու:

Սկաուտ­նե­րը մեկ­նե­ցան ՀՄԸ­Մի մար­զաս­րա­հէն մեկ­նե­ցան բա­նա­կա­վայր, ուր ժա­մա­նե­լէ ետք ի­րար օգ­նե­լով տե­ղա­ւո­րե­ցին գոյ­քե­րը: Ա­պա կա­տա­րե­ցին խմբա­կա­յին դրու­թիւն« լսե­ցին բա­նա­կու­մի օ­րէնք­նե­րուն մա­սին եւ բա­նա­կու­մին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ՙՅա­ռաջ Նա­հա­տակ՚ քայ­լեր­գով: Ար­դէն հա­սած էր ընթ­րի­քի ժա­մը, որ­մէ ետք ան­ցան յայ­տա­գիր­նե­րուն:

Աշ­նան գե­ղե­ցիկ ոս­կե­գոյն տե­րեւ­նե­րը խառ­նո­ւած էին ձիւ­նով. կար­ծես շփո­թո­ւած օր մըն էր: Սա­կայն, Աշ­նա­նա­յին այս գե­ղե­ցիկ տե­սա­րա­նը ա­ւե­լի ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց սկաուտ­նե­րուն:

Երկ­րորդ օ­րը ա­ռա­ւօ­տուն բո­լոր սկաուտ­նե­րը աշ­խու­ժու­թեամբ զարթ­նե­ցան, ի­րենց սկաու­տա­կան մար­զանք­նե­րը կա­տա­րե­ցին եւ դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ՙՈվ Հայ Ա­րի՚ քայ­լեր­գով: Դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք սկաուտ­նե­րը նա­խա­ճա­շե­ցին եւ հա­սաւ յայ­տա­գիր­նե­րուն պա­հը:

Միա­ւոր­նե­րը ու­նե­ցան ի­րենց ձե­ռնա­յին զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը, հարց պա­տաս­խա­նի մրցում­ներ, սկո­ւա­տա­կան խա­ղեր, ռա­լի, չար­քա­շու­թիւն պա­հան­ջող խա­ղեր: Ա­նոնք ստա­ցան նաեւ ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան դա­սա­խօ­սու­թուն­ներ: Յայ­տագ­րի կէ­տե­րը նպա­տակ ու­նէին, որ ամ­դամ­նե­րը ի­րար ա­ւե­լի ծա­նօ­թա­նան, ի­րար հետ մտեր­մա­նան, ի­րա­րու վստա­հին, մրցակ­ցու­թեան ո­գին ու­նե­նան, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դեն, սկաու­տա­կան ո­գին բարձ­րաց­նեն, չար­քա­շու­թիւն սոր­վին եւ բնու­թեան ա­ւե­լի ծա­նօ­թա­նան:

Այս բո­լո­րը չէր ամ­բող­ջա­նար ա­ռանց ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կին․ սկաուտ­նե­րը փայ­տեր հա­ւա­քե­լով խա­րոյ­կին կրա­կը պատ­րաս­տե­ցին եւ ար­դեն կողք կող­քի հա­ւա­քո­ւած մեծ եւ փոքր սկսան սկաու­տա­կան կան­չե­րով եւ սկաու­տա­կան պա­րե­րով վա­ռել խա­րոյ­կը. ամ­բողջ բա­նա­կա­վայ­րը լու­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ այդ խա­րոյ­կի կրա­կով: Միա­ւոր­նե­րը ա­ռանձ­նա­բար պատ­րաս­տած էին ի­րենց յա­տուկ յայ­տա­գիր­նե­րը․ կան­չեր, խա­ղեր, զա­ւեշտ:

Այ­նու­հե­տեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյց՝ ՙՀՄԸ­Մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը սկաու­տին կեան­քէն ներս՚ թե­մա­յով, նա­մա­նա­ւանդ որ ե­րէց­նե­րու եւ պար­մա­նու­հի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թի­նը մաս­նակ­ցած էին Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մաՀ­ՄԸ­Մա­կան բա­նա­կու­մին, որ նո­ւի­րո­ւած էր  հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին: Այն­տեղ ա­նոնք իս­կա­պէս զգա­ցին մեծ ըն­տա­նի­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը եւ հա­յա­պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Զրոյ­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք սկաուտ­նե­րը սկսան ո­գե­ւո­րո­ւած եր­գել ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եւ ՀՄԸ­Մա­կան եր­գեր:

Ինչ գե­ղե­ցիկ էին այդ վար­կեան­նե­րը, երբ բո­լո­րը կրա­կին շուրջ ո­գե­ւո­րո­ւած« աշ­խու­ժու­թեամբ եւ բարձ­րա­ձայն կ­՛եր­գէին յի­շե­լով ի­րենց ան­ցեա­լը եւ պատ­մու­թիւ­նը:

Ար­դէն ճրագ­մա­րին ժա­մը հա­սած էր եւ սկաուտ­նե­րը պէտք է պատ­րաս­տո­ւէին յա­ջորդ օ­րո­ւայ:

Յա­ջորդ առ­տու, կրկին մար­զան­քով սկսան ի­րենց յայ­տա­գի­րը« ետ­քըª սկաու­տա­կան նստա­կեաց խա­ղեր խա­ղա­ցին ա­պա սկսան բա­նա­կա­վայ­րը մաք­րել եւ ի­րենց ապ­րանք­նե­րը դա­սա­ւո­րել:

Բա­նա­կու­մի փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ՙՈվ Հայ Ա­րի՚ քայ­լեր­գով:

Վե­րա­դար­ձի ժա­մը հա­սած էր. սկաուտ­նե­րը ի­րար ձեռք ձեռ­քի շղթան­ման բռնած ցտե­սու­թեան եր­գը եր­գե­ցին․ ՙՑտե­սու­թիւն մըն է եղ­բայր միայն ցտե­սու­թիւն դար­ձեալ ի­րար կը հան­դի­պինք ու կ­՛եր­գենք միա­ձայն՚:

Սկաուտ­նե­րը վե­րա­դառ­նա­լով տուն՝ ի­րենց հետ շատ բա­ներ բե­րին, գե­ղե­ցիկ յի­շա­տակ­ներ ու­նե­ցան, իսկ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րըª անգամ մը եւս ՙԲարձ­րա­ցիր, Բարձ­րա­ցուր՚ նշա­նա­բա­նով հաղորդուեցան: