ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր Ժողովը Գումարուեցաւ Արցախի մէջ Եւ Ընտրեց Բիւրոյի Նոր Կազմ


ՀՅԴ 33րդ ընդհանուր ժողովին բացումը Արցախի Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ, 16 Յունուար 2019

Յունուար 16-էն 24, Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր Ժողովը, որուն մասնակցեցան աշխարհի շուրջ 30 երկրի աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Ընդհանուր ժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Յունուար 16ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: Ժողովի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ մատնանշելով՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելու քայլը՝ զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն Արցախի համար:

Նախագահ Սահակեան արժեւորեց ՀՅԴի ներդրումը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին, պետականութեան ձեւաւորման եւ կայացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու համազգային հարցերու լուծման գործին մէջ:

Ժողովի աշխատանքներուն 5րդ օրը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց ողջոյնի խօսք մը եւ նշեց․ «Իմ եւ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի մեծամասնութեան անունով կը յայտարարեմ, որ պատրաստ ենք համագործակցութեան ՀՅԴի հետ։ Մենք նաեւ բաց պիտի ըլլանք ձեր հնչեցուցած առաջարկներուն եւ քննադատութեան հանդէպ»։

9 օրերու ընթացքին ժողովը քննարկեց ՀՅ Դաշնակցութեան նախորդ 4 տարիներու գործունէութիւնը, որոշեց կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնն ու ընելիքները։ Ժողովը սպառիչ կերպով քննարկելէ ետք իր օրակարգը, ընտրեց կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինը՝ Բիւրօն։

ՀՅԴ Բիւրոն իր անդրանիկ նիստին Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Նորընտիր Բիւրոյի անդամներն են՝ Արմէն Ռուսատմեան (նախագահ), Վիգէն Բաղումեան, Արամ Գալուստեան, Վիգէն Եագուպեան, Յակոբ Խաչերեան, Արսէն Համաբարձումեան, Կիրօ Մանոյեան, Բենիամին Պչաքճեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Րաֆֆի Տօնապետեան, Յովսէփ Տէր-Գէորգեան, Մուրադ Փափազեան: