16-րդ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Գլխաւոր Մրցանակին Արժանացաւ «Ռէյ եւ Լիզ» Ֆիլմը


«Արմենփրես»,- Եզրափակուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» 16-րդ միջազգային փառատօնը:

Փառատօնի մրցանակակիրներու անունները յայտնի դարձան Յուլիս 13-ին «Մոսկուա» թատրոնին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան եւ փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:

ՀՀ վարչապետի (GAIFF Pro-ի կինոյի զարգացման հարթակ) մրցանակը յանձնուեցաւ Տաթեւ Յակոբեանի «Թակարդը» ֆիլմին:

Լիամետրաժ ֆիլմերու միջազգային մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան» մրցանակը ստացաւ Ռիչըրտ Պիլինգհեմի «Ռէյ եւ Լիզ» ֆիլմը, «Արծաթէ ծիրան»-ը տրուեցաւ Քանթեմիր Պալագովի «Լողլողը» ժապաւէնին: Դատական կազմի յատուկ յիշատակման արժանացաւ Հասան Ֆազիլիի «Կէսգիշերային ճամբորդը» ֆիլմը:

Կարճամետրաժ ֆիլմերու տարածաշրջանային մրցոյթին «Ոսկէ ծիրար» մրցանակ ստացաւ Մարզիէ Ռիահիի «Վարորդական դասեր» ֆիլմը։

Վարչապետի մրցանակը (GAIFF Pro-ի կինոյի զարգացման հարթակ) տրուեցաւ Տաթև Հակոբեանի «Թակարդը» ֆիլմին։

Փակման արարողութեան ներկայ եղան ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: ««Ոսկէ ծիրան»-ը իր իւրայատուկ տեղը ունի միջազգային ֆիլմերու փառատօներու շարքին: Պետութիւնը պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընէ փառատօնը աւելի զարգացնելու համար: Վստահ եմ, որ յաջորդ տարիները նոյնպէս յաջող ընթացք պիտի ունենան», նշեց նախարարն ու խոստովանութիւն ըրաւ, որ առաջին տարին է, որ չէ կրցած որեւէ ֆիլմ դիտել, սակայն հանդիպած է դատական կազմի անդամներուն, որոնք արհեստավարժ են, գիտակ եւ, վստահաբար, ճիշտ որոշումներ կայացուցած են յաղթող ֆիլմերը ընտրելու ատեն:

«Ոսկէ ծիրան» 16-րդ միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ Յուլիս 7-14: Յուլիս 14-ին հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ դիտելու մրցանակակիր ֆիլմերը: