18ամեայ Քարինա Մովսէսեան` Եւրոմիութեան Լաւագոյն Երիտասարդ Գիտնական


«Եւրամիութեան լաւագոյն երիտասարդ գիտնական» (European Union Contest for Young Scientists) 29րդ մրցոյթին յաղթած է 18ամեայ հայ ուսանողուհի Քարինա Մովսէսեանը՝ Չեխիայէն, քաղցկեղի զարգացումը կանխող իր յայտնագործութեան համար:

Նախապէս ան արդէն 3 մրցանակ ստացած է Լոս Անճելըսի մէջ DNA կենսատարրաբանութեան եւ RAD51 փրոթէինի վերաբերեալ իր աշխատանքին համար, որ պէտք է նպաստէ քաղցկեղային բջիջներու բուժման:

2017ին մրցոյթը տեղի կ՛ունենայ Թալլինի մէջ, որուն մասնակցած է ԵՄ 120 երիտասարդ գիտնական:

Յաղթողները կը ստանան 3.500-7000 եւրօ եւ կրնան իբրեւ հայցորդ ներկայանալ միջազգային հետազօտական կազմակերպութիւններու, ինչպիսիք են՝ Միջազգային տնտեսական գործակալութիւնը եւ Միջուկային հետազօտութիւններու եւրոպական կազմակերպութիւնը: