Մեծ Եղեռնէն Վերապրող 106ամեայ Սիրվարդ Քիւրտեանի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը Տեղի Ունեցաւ Թորոնթոյի Մէջ


Յարութիւն Դերձակեան


1915ի Հայկական Ցեղասպանութենէն վերջին վերապրողներէն Սիրվարդ Քիւրտեան մահացաւ 27 Հոկտեմբեր 2018ին՝ 106 տարեկանին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 31ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան՝  հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներու, զաւակներու, թոռներու եւ ծոռերու կողքին, ներկայ էին քաղաքիս կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հանգուցեալին յիշատակը յարգող ծանօթ եւ բարեկամ սգակիրներ։

Արարողութեան կը հանդիսապետէր Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, ներկայ էին Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, Միսիսոկայ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ։

 Երգեցողութիւնները կատարուեցան նախկին դպրապետ՝ Յակոբ Ալթընեիւզիւքի մականին ներքեւ հրաշալի մենակատարութեամբ երգեց դպրաց դասը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի, իսկ Լենա Պէյլէրեան իր հմայիչ ձայնով մասնակցութիւն բերաւ երգեցողութիւններուն ։

Յընթացս արարողութեան Տէր Միւռոն կարդաց Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի ցաւակցական գիրը։ Ապա իր թոռներէն Վազգէն Ալթունեան փոխանցեց իր հրաժեշտի խօսքը։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց մեծ մօր՝ Սիրվարդ Քիւրտեանի կենսագրականը։ Դամբանականը ներկայացուց Տէր Զարէհ Ա. Քահանան՝ բնաբան առնելով Յովհաննու աւետարանէն «Ան, որ կը սիրէ իր անձը, կը կորսնցնէ զայն, իսկ ան որ կ՚անտեսէ իր անձը այս աշխարհի վրայ զայն յաւիտենական կեանքի համար պահած կ՚ըլլայ» խօսքերը։ Հանգուցեալին կեանքէն օրինակներ մէջբերելով վեր առաւ անոր կեանքի հանդէպ ունեցած սէրն ու Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքը։ Տէր Հայրը դրուատեց նաեւ հանգուցեալին այն ձեռային աշխատանքները, նախշերը որոնցմով գեղեցկացան մեր եկեղեցիներուն խորանները։

Արարողութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Եորք գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։