1990էն Առ Այսօր Հայաստանի Մէջ 460,000 Կին Դիմած է Յղիութեան Արհեստական Ընդհատման. Ահարոն Ադիբեկեան (տեսանիւթ)


«Թերթ»․- 1990էն առ այսօր Հայաստանի մէջ յղիացած է մօտ 1,660,000 կին, որոնցմէ 1,200,000 հազարը ծննդաբերած են, իսկ 460,000ը դիմած են յղիութեան արհեստական ընդհատման: Այս մասին այսօր` բնակչութեան համաշխարհային օրուան ընդառաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան:

«Այս տարիներու ընթացքին մօտ կէս միլիոն մարդ չէ ծնած: Եթէ մենք վիժումը արգիլենք, ատիկա չի նշանակեր, որ մարդու իրաւունքներու խախտում կ՛ըլլայ, ուղղակի ատիկա մտահոգութիւն է, որ ընտանիքը ծրագրէ երեխաներու ծնունդը եւ կանայք հետեւին իրենց առողջութեան», նշած է Ադիբեկեան:

Ընկերաբանին խօսքով` այս ցուցանիշին մէջ ներառուած չեն մանկական մահացութիւնները եւ յետագայ խնդիրները: Ըստ անոր` հայերը կրճատուող ազգ են: Եթէ 1990ին մէկ կնոջ կը հասնէր 2.2 երեխայ, հիմա այդ ցուցանիշը 1.7 է:

«Վերջին 10 տարիներուն մեր մօտ ամէն տարի կը ծնի մօտ 40,000 երեխայ: Ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ երխաները դառնան մեր տարիքին, Հայաստանի մէջ լաւագոյն պարագային պիտի ապրի 1,8 միլիոն փոքր էթնոս ժողովուրդ: Իսկ Հայաստանի մէջ այսօր պէտք է ապրէր 5 միլիոն մարդ` եթէ նկատի ունենանք ներգաղթը Ազրպէյճանէն, Սուրիայէն, Ջաւախքէն, եւ եթէ ծնելիութեան մակարդակը պահպանուէր», յայտնած է ան:

Հայաստանի մէջ  երիտասարդներուն ճակատագրի հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ եթէ առաջ քաղաքի բնակիչները 2-3 երեխայ կը ծրագրէին ունենալ, իսկ գիւղաբնակները` 3-4, ապա հիմա անիկա կրճատուած է` դառնալով 1-2 երեխայ:

Որպէսզի Հայաստանի մէջ ծնելիութեան աճ ըլլայ պէտք է իւրաքանչիւր կնոջ առաջուան պէս հասնի 2.2 երեխայ: Ըստ ընկերաբանին` ծնելիութեան մակարդակի նուազման պատճառներն են` հարսնացուներու եւ փեսացուներու ծերացումը, ամուսնութիւններու թիւը, արտագաղթը:

Ադիբեկեանի տեղեկացմամբ` հայերը բացի Հայաստանէն, կ՛ապրին նաեւ աշխարհի 105 երկրի մէջ: Հայերուն թիւը ամբողջ աշխարհի մէջ 11 միլիոն է, որ բաւական հիմնաւորուած թիւ է: 11 միլիոն հայերուն 80 տոկոսը կ՛ապրի 6 երկրի մէջ:

Հայերէնով կը խօսին 6-7 միլիոն իրենց հայ համարող մարդիկ: Իսկ Հայոց լեզուն օգտագործման առումով աշխարհի 7000 լեզուներէն 50րդն է` հաշուի առնելով համացանցը, գրականութիւնը, գիտական աշխատանքները եւ խօսողներու թիւը: