200 Միլիոնի Սպառազինութեան Մէկ Մասը Արդէն Հայաստան է. Պաշտպանութեան Նախարար


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»․- «Երկու հարիւր միլիոն տոլարի սպառազինութեան մէկ մասը արդէն Հայաստան է, մատակարարուած են զինուած ուժերուն եւ դրուած ծառայութեան», մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Ան նշած է որ չի կրնար բանալ ցանկը:

Նախարարին խօսքով,  սպառազինութեան միւս մասին հետ կապուած  ամէն ինչ կ՛ընթանայ ըստ ժամանակացոյցի, հետամուտ պիտի ըլլան, որ հնարաւոր չափով շուտ ստանան ամբողջ քանակը, քանի որ ուղիղ կապ ունի բանակի մարտունակութեան հետ:

Վիգէն Սարգսեան ըսած է, որ  պիտի շարունակեն երկխօսութիւնը  ռուսական կողմի հետ  ծրագրի շարունակութեան վերաբերեալ, քանի որ ինչ կը ստանան Ռուսիայէն, փոխգործակցութեան տարբեր ծրագիրներով, չի կրնար լրացնել այն գերժամանակակից սպառազինութիւններուն կարիքը, որ ունին Զինուած ուժերը:

«Կը փնտռենք բոլոր հնարաւորութիւնները ինչպէս ռուսական շուկային, այնպէս ալ այլ գործընկեր երկիրներու հետ՝ Զինուած ուժերը անհրաժեշտ սպառազինութեամբ համալրելու համար», ըսած է նախարարը:

Վիգէն Սարգսեան նաեւ նշած է, որ  Հայաստան ունի մարտունակ բանակ, սակայն պէտք է առջեւ նայիլ, զարգանալ աւելի արագ, քան  իրադարձութիւնները: