2017ի Առաջին 9 Ամիսներուն Հայաստան Այցելած է 1,1 Միլիոն Զբօսաշրջիկ


Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն Հայաստան ժամանած է 1,1 միլիոն զբօսաշրջիկ, որ 21 տոկոսով աւելի է անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան Դեկտեմբեր 19ին հրաւիրուած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուցած է այս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքն ու յոյս յայտնած, որ ընդհանուր առմամբ 2017ին Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը կրնայ հասնիլ 1,5 միլիոնի:

Զէյթունցեանի խօսքով` անցեալ տարուան համեմատ աճած է նաեւ ներքին զբօսաշրջիկներու թիւը:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն այս տարի բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է 200 հազար տոլար պիւտճէով մը, 2018ի պիւտճէով այս թիւը պիտի կրկնապատկուի: