2018 Թուականին 21 Հազար Հոգի Վերադարձած է Հայաստան


«Անի»․- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է, որ 2018ի Յունուար 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 25 Հայաստանէն մեկնածներուն եւ Հայաստան ժամանածներուն տարբերութիւնը կազմած է +20 հազար 713։

Այսինքն, Հայաստան ժամանածներուն թիւը 20 հազար 713ով աւելի եղած է մեկնածներու թիւէն:

Նախորդ տարուան ցուցանիշը – 25 հազար 932 եղած է: Այսինքն, 2017ին մեկնածներուն թիւը 25 հազար 932ով աւելի եղած է ժամանածներու թիւէն:

Եթէ այս թիւերը վերջնական են եւ ճշգրիտ, ապա 2006 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Հայաստան ժամանողներուն եւ Հայաստանէն հեռացածներուն տարբերութիւնը կրկին կը հասնի 21 հազարի:

Յիշեցնենք, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու, 1991ի անկախութենէն ի վեր միայն երեք տարի եղած է, երբ Հայաստան ժամանածներուն եւ Հայաստանէն հառացածներուն տարբերութիւնը յօգուտ ժամանողներուն է: Այդ երեք տարիները 2004-էն 2006 թուականներուն են՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն:

Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան 10 տարիներուն Հայաստանէն հեռացած եւ չէ վերադարձած 373 հազար մարդ, այսինքն` միջինը տարեկան աւելի քան 37 հազար հոգի: