5 Տարի Ետք Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Ներս Վերամուտը Սկսաւ Ցնծալի Հանդիսութեամբ


Պատերազմէն ետք, Նոր գիւղի մէջ կեանքի կոչուած առաջին հայկական վարժարանը վերստին իր գիրկը հրաւիրեց ճեմարանականները: Ճեմարանի ու ողջ Նոր Գիւղի մէջ նոր կեանքի մը լուսաբացը յայտարարուեցաւ:

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական բացման ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան, Պատկան մարմնի ներկայացուցիչներ, թեմի քահանայից դասը, Ազգ. Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի, Ճեմարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնը, պետական տնօրէնը, ուսուցչական կազմն ու վարչական պատասխանատուները:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՄԸՄի փողերախումբը՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով: Ապա Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ըսաւ. «Այսօր վերածնունդի օր է: 5 տարի մեր դպրոցէն հեռու մնացինք, սակայն մեր մէջ վառ պահեցինք Ճեմարանի ոգին: Այս ոգին հինգ տարի մեզ պինդ պահեց եւ վերադարձուց Ճեմարան: Ներկայ սերունդները հաւանաբար ծանօթ չեն Ճեմարանի կառոյցին, սակայն իրենց ծնողները, երբեմնի ճեմարանականները, ուսուցիչները ու բոլոր այն սերունդները, որոնք գիտութիւն ու հայեցի կրթութիւն ստացած են այս յարկին տակ, լաւ գիտեն այս կառոյցին իմաստն ու խորհուրդը: Այսօր, մեր վերադարձով փաստեցինք որ վերապրելու կամք ունինք ու յանձնառութեամբ պիտի վերանորոգենք մեր բոլոր կառոյցները: Վերանորոգած ենք արդէն Ճեմարանի նոր մասնաշէնքը, յաջորդ տարի պիտի վերանորոգենք նաեւ Ճեմարանի հիմնական մասնաշէնքը: Մեր դասաւանդութիւնը կը սկսինք Ճեմարանի յարկին տակ, թէեւ նուազած թիւով, սակայն աստիճանաբար աճելու ու ծաղկելու յոյսով: Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Ճեմարան վերադարձան տասնեակ աշակերտներ, որոնք եկան ու միացան մեզի զանազան քաղաքներէ եւ երկիրներէ: Սուրիոյ նահանգներէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Լիբանանէն վերադարձող աշակերտներ ունեցանք: Բարի վերադարձ ու բարի վերամուտ կը մաղթեմ բոլորիդ»:

Այնուհետեւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը յայտարարեց սուրիահայ կրթական կեանքի վերամուտը: Ապա ըսաւ. «Պատմական օր մըն է այսօր մեր համայնքային կեանքին մէջ: Լոյսի այս տաճարին մէջ սկիզբ կ՛առնէ Ճեմարանի 71րդ ուսումնական տարեշրջանը: Հալէպի ազատագրումը, ապա նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի յարութեան խորհրդանիշի՝ Տէր Զօրի ազատագրումը նոր յոյս կը ներշնչէ: Յոյս կը ներշնչէ ոչ միայն սուրիացի ժողովուրդին, այլեւ միջին Արեւելքին ու յատկապէս հայ ժողովուրդին: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը մեր վերկանգնումի խորհրդանիշն է: Այսօր ներկայ ենք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լոյսի տաճար՝ խոնարհելու յիշատակին դիմաց մեր այն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը ի սպաս դրին մեր ժողովուրդին: Թող յաւերժ ապրի հայ դպրոցը ու երկրի իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատի առաջնորդութեամբ յառաջանայ Սուրիական Հայրենիքն ու անոր հզօր բանակը»:

Ապա, Սրբազան Հօր ձեռամբ, քահանայից դասուն եւ աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա Սրբազան Հայրն ու քահանաները օծեցին Ճեմարանի վերանորոգուած մասնաշէնքը: