6րդ Օրը Ըլլալով Զանգուածային Ցոյցերը Շարունակուեցան


Ցուցարարները Վարչապետի նստավայրին առջեւ, 18 Ապրիլ 2018։

Երեւանի մէջ 6րդ օրը ըլլալով՝ Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան՝ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար, «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։

Երէկ երեկոյեան կազմակերպուած բազմահազարանոց հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ ցոյցերը եւ ցուցարարներու գործողութիւնները պիտի շարունակուին։

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսած է «ժողովրդական, թաւշեայ  յեղափոխութիւն, որ պիտի յաղթէ, քանի որ այդ յեղափոխութիւնը կարելի չէ կանգնեցնել, այդ յեղափոխութեան առաջնորդը Հայաստանի քաղաքացին է»: «Մենք պէտք է կաթուածահար ընենք ողջ պետական համակարգը: Այնտեղ, ուր յաջողինք ներս մտնել, ներս կը մտնենք, ներսը նստացոյց կ՛ընենք: Այնտեղ, ուր չենք կրնար, նստացոյց կ՛ընենք մուտքերու դիմաց եւ թոյլ չենք տար ներս մտնել, դուրս եկողներուն ալ միայն մեզի միանալու պայմանով կը ձգենք: Ազգային ժողովի մէջ կատարուող իրադարձութիւններն այլեւս պէտք չէ ազդեցութիւն ունենան Հայաստանի քաղաքական կեանքի վրայ», աւելի կանուխ, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր Նիկոլ Փաշինեան:

Հանրապետութիւն հրապարակի հաւաքին ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Սփիւռքէն կը ստանայ զօրակցութեան յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ գոյացած է ցոյցերու առաջին օրերու ծախսերը:

Փաշինեան Հայաստան հրաւիրեց սփիւռքահայ զօրակցողները՝ մասնակցելու ցոյցերուն:

Չորեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10ին ցոյցերը վերսկսան Ֆրանսայի հրապարակէն եւ օրուան վերջաւորութեան դարձեալ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութիւն հրապարակի վրայ: Փաշինեան համընդհանուր գործադուլի կոչ ուղղած է ժողովուրդին:

Փաշինեան միշտ կը յորդորէ ցուցարարները խուսափելու բռնութիւններէ եւ գրգռութիւններէ:

«Երեկուան բեկումնային իրադարձութիւններէն ետք, կը կարծեմ` այլեւս ոչ մէկ բան մեզի կը կանգնեցնէ, եւ մեր յաղթանակը անխուսափելի է»,–ըսաւ Փաշինեան:

Ան նշեց, որ այսօր եւս պիտի շարունակեն կառավարական շէնքերը շրջափակելու ցոյցերը:

Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, թէ մարզերուն եւ երեւանեան որոշ համալսարաններուն մէջ փակած են դռները եւ ուսանողներուն չեն ձգեր դուրս ելլել:

Նիկոլ Փաշինեան այնուհետեւ ցուցարարներուն հետ միասին բարձրացաւ Բաղրամեան պողոտայ: Պռոշեան փողոցի վրայ տեղակայուած են ոստիկանական ուժեր` զինուած մահակներով ու վահաններով:

Վարչապետի նստավայրին առջեւ ան յայտարարեց, որ առանց որեւէ բռնի գործողութեան պէտք է շրջափակել տարածքը:

Երթի մասնակիցները հասան Երեւանի պետական համալսարան, ապա Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համասարան եւ կոչ ըրին ուսանողներուն դասադուլ ընելու եւ միանալու ցոյցին։

Մաշտոցի պողոտայ–Սայաթ–Նովայ հատուածէն ոստիկանները բերման ենթարկեցին փողոցը փակած ցուցարարներ: Իսկ Ապրիլ 18ին Երեւանի մէջ ընթացող ցույցերու մասնակիցներէն ընդհանուր առմամբ բերման ենթարկուած  է 91 քաղաքացի, որոնցմէ ազատ արձակուած է 37ը։ 

Փաշինեան բարձրախօսով  կը յորդորէ քաղաքացիները «դուրս ելլելու եւ տէր կանգնելու երկրին ու ազատութեան»:

Ան նաեւ քաջալերեց ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած ցուցարարները եւ յորդորեց ոստիկանութեան ազատ արձակել զանոնք։

Ցուցարարները շարժեցան դէպի Քաղաքապետարան, ինչպէս նաեւ Վազգէն Սարգսեան փողոցի վրայ գտնուող Կառավարութեան մասնաշէնք, ուր կը գտնուի ՀՀ սփիւռքի, Կրթութեան և գիտութեան, Արդարադատութեան, Արտաքին գործոց նախարարութիւնները: Նիկոլ Փաշինեան բարձրախօսով դիմեց նախարարութիւններու աշխատակիցներուն և կոչ ըրաւ ժամը 19:00ին մասնակցելու հանրահաւաքին:

Բացի Երեւանէն, Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ ցոյցեր կազմակերպուած են նաեւ Գիւմրիի, Արմաւիրի եւ Վանաձորի մէջ:

Գիւմրեցի երիտասարդները «SOS» հաղորդման բեմադրիչ Հայկ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ երթով հասած են Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի Գիւմրիի մասնաճիւղի բակը: Անոնք կոչ կ՛ընեն դասադուլ ընելու եւ միանալու պայքարին:

Նիկոլ Փաշինեանի` զանգուածային ցոյցեր ընելու կոչին միացած են նաեւ Արմաւիր քաղաքի բնակչները: Փողոց դուրս ելած են քանի տասնեակ քաղաքացիներ, իսկ որոշ դպրոցներ փակ են:

Իսկ Վանաձորի մէջ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոստանջեան իր աջակիցներուն եւ վանաձորցիներու հետ կը շրջի քաղաքի աւագ դպրոցներով եւ կոչ կ՛ընէ դասադուլ ընելու, միանալու Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան եւ համակարգին դէմ պայքարին:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՀԿ խօսնակ  Էդուարդ Շարմազանով յայտնած է, որ իրավիճակի հանգուցալուծումը հնարաւոր է միայն երկխօսութեամբ:

«Ինչի մասին կը խօսիք: Այսքանէն ետք ինչ երկխօսութիւն»,- այսպէս արձագանգած Նիկոլ Փաշինեան՝ Շարմազանովի համերաշխութեան ու երկխօսութեան կոչին: