7րդ Օր․ Ոստիկանութիւնը Ուժ Գործադրեց Ցուցարարներուն Դէմ


Ցուցարարները քայլերթ կը կատարեն Երեւանի փողեցներով։

ԵՐԵՒԱՆ․- Նորընտիր Սերժ Սարգսեանի դէմ զանգուածային ցոյցերը 7րդ օրը ըլլալով կը շարունակուին՝ «Ելք» խմբակցութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։

Երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքի ժամանակ Փաշինեան ներկայացուց սպասուող գործողութիւններու ծրագիրը եւ յորդորեց  քաղաքացիները, գիւղերու բնակիչները` պահանջել համայնքներու, գիւղերու ղեկավարներէն` միանալ «թաւշեայ յեղափոխութեան»:

Ապրիլ 18ի հանրահաւաքին ցուցարարները 100 մեթր երկարութեամբ եռագոյն դրօշ մը պարզած են։

«Մենք պէտք է կարենանք այնպէս ընել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր նախարարութեան, գերատեսչութեան,  վարչական շրջանի ղեկավարներու աշխատանքային շէնքերուն մէջ  սկսին եւ տեղի ունենան հարիւրաւոր քաղաքացիներու նստացոյցեր»: Ան նաեւ հաւաքուած քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց զերծ մնալու սադրանքներէ եւ բախումներու չերթալու:

Այսօր առաւօտեան նախատեսուած էր կառավարութեան նիստը, որ վարչապետ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ պիտի վարէր վարչապետ Սերժ Սարգսեանը: Փաշինեան երէկ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած էր, որ ի թիւս այլ գերատեսչութիւններու այսօր պէտք է շրջափակեն նաեւ կառավարութեան շէնքը: 

Ցուցարարները առաւօտեան շրջափակեցին Կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքը, ուր ոստիկանները ուժի գործադրութեամբ ցուցարարները հեռացուցին անկէ։ Ցուցարարներէն շատեր բերման ենթարկուեցան։ Ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժամուներ տարուեցան աւելի քան 120 հոգի։

«Ոստիկանութիւնը խաղաղ կը կատարէ օրէնքով իրեն վերապահուած իրաւունքը», յայտարարեց Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան:

Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան շէնքին առջեւ պատ կազմած ոստիկաններուն կոչ ուղղեց եւ նշեց, որ անոնք իրենց վահանները, սաղաւարտները և մահակները դնեն գետին եւ միանան ցոյցին։ 

«Ես չեմ ըսեր՝ հիմա ըրէք, բայց կը խնդրեմ, երբ իրարու հետ մնաք, ձեր ընտանիքներուն հետ քննարկեցէք, խորհրդակցեցէք՝ իմանալու, թէ համաձա՞յն են, որ պահէք կաշառակեր այս համակարգը ձեր բարեկեցութեան ու առողջութեան հաշուին», ըսաւ ան:   

Նստացոյց Կառավարութեան շէնքին առջեւ։

Ցուցարարները կը վանկակրկէին․ «Քայլ արա՛, զէնքդ դիր վայր»: 

Կառավարութեան նիստը, որ տեղի պիտի ունենար ժամը 11:00ին յետաձգուեցաւ ժամը 17:00ին։

Փաշինեան ցուցարարներուն հետ քայլերթով անցաւ քաղաքի շարք մը փողոցներէ։ Խանջեան փողոցէն, Տիգրան Մեծ պողոտայով անոնք մտան Սուրմալուի եւ Փեթակ տօնավաճառի կեդրոններու տարածք, ուր ան կոչ ըրաւ տօնավաճառի աշխատակիցներուն դուրս գալ փողոց և տէր կանգնիլ իրենց յաղթանակին: Ոստիկանները նոյնպէս արգիլեցին ցուցարարներուն ներս մուտքը։

Արշակունեաց, Բագրատունեաց, Իսակովի փողոցներով, Շահումեանի հրապարակով, քաղաքապետարանի եւ նախարարութիւններու շէնքերուն առջեւէն, ուր ոստիկանական ուժեր տեղակայուած են, երեկոյեան ցուցարարները հասան Հանրապետութեան հրապարակ։

Մինչ ցուցարարները կարավարութեան շէնքին մօտ ցոյց կ՛ընէին,  ներսը ժամը 17:00ին սկսաւ կառավարութեան նիստը՝ նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։

Տարածքը կը հսկեն ոստիկանական յատուկ ուժեր՝ մահակներով եւ սաղաւարտներով պատ կազմած։

«Եթէ մեր նկատմամբ բռնութիւն գործադրէք, մենք ատոր բռնութեամբ պիտի չպատասխանենք, որովհետեւ մեր խնդիրը ձեզի հետ չէ, այլ կաշառակեր իշխանութեան դէմ է», դիմելով ոստիկաններուն` ըսաւ Փաշինեան:

Ցուցարարները շարունակեցին մնալ Հանրապետութեան հրապարակ անձրեւի տակ մինչեւ ժամը 19:00ը, երբ սկսաւ բազմահազարանոց հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրեց բազմահազար ցուցարարները յաջորդ օրը մասնակցելու մայրաքաղաքի փողոցները փակելու ցանցային գործողութիւններուն: Ան բեռնակառքերու վարորդները հրաւիրեց միանալու ցոյցերուն եւ իրենց մեքենաներով փակելու Երեւանի գլխաւոր փողոցները:

Հանրահաւաքին ընթացքին յայտնի դերասան եւ հասարակական գործիչ Արսինէ Խանճեան հեռաձայնով կապուեցաւ հրապարկ հաւաքուած ցուցարարներուն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց իրենց գործողութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ Երաժիշտ Սերժ Թանքեան, օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեան նոյնպէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ցուցարարներուն։