Կարէն Կարապետեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ Ծրագրուած Հանդիպումը Ջնջուեցաւ․ Փաշինեան Կոչ Ըրաւ Վերսկսելու Բողոքի Գործողութիւնները


Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նշելով, որ իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ նախօրօք ծրագրուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, քանի որ Փաշինեանի կողմէ միակողմանի առաջադրուած են նոր պահանջներ` մասնաւորապէս` հանդիպման ձեւաչափի, օրակարգի եւ լուսաբանման առումով:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտնած է, որ այսօր առաջարկած է վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանին, ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանին եւ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանին վաղը նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ 3-3 ձեւով եւ ամբողջ բանակցութիւնները վարել լրագրողներու ներկայութեամբ։ Ան շեշտած է, որ բանակցութիւններու օրակարգը  պետք է ըլլայ իրենց կողմէ յիշատակուած 4 կէտերու շուրջ։

Կարէն Կարապետեան անընդունելի համարած է նման բանակցութիւններ վարելու ձեւը։  «Սա կը նշանակէ ոչ թէ բանակցութիւն կամ երկխօսութիւն, այլ բացառապէս սեփական տեսակէտը, օրակարգը հնչեցնել` նոյնիսկ մինչեւ մեր փոխարէն մեր բանակցողները որոշելով», նշած է Կարապետեան:

Ան դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին անոր նախընտրած ձեւաչափով կազմակերպել հանդիպում խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ` քննարկելու ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը եւ հնարաւոր հանգուցալուծման ուղիները` նոյնիսկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը։