80ամեայ Մահմետական Կինը Կը խնամէ Մարտինի Հայկական Եկեղեցին


“Էրմէնիհապեր”- Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Մարտին նահանգի Տերիք շրջանի միակ հայկական եկեղեցին մնացած է Հաթուն Չաչուր անունով իսլամ կնոջ մը (ազգութեամբ քիւրտ կամ թուրք) խնամքին։

1650 թուականին կառուցուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցին մնացած է առանց հoտի, երբ 1980ականներուն հեռացած են Տերիքի մէջ ապրող վերջին հայերը:

Անցեալ տասնամեակներուն եկեղեցւոյ մասին հոգ տարած է այստեղ մնացած միակ հայկական ընտանիքը` Եուրշալին եւ Նայիֆ Տէմիրջի զոյգը: Բայց հիմա արդէն այդ տարեց զոյգը վատառողջութեան պատճառով կը դժուարանայ տունէն ելլելու` չկարենալով հոգալ եկեղեցւոյ մասին:

Այժմ մահմետական կինը ստանձնած է հայկական եկեղեցւոյ խնամքը: Ան նոյնպէս տարեց է եւ 8 երեխաներու մայր: Ան իր մօտ կը պահէ եկեղեցւոյ բանալին, կը մաքրէ եկեղեցին եւ բակը, կը ջրէ 1500 ք/մ ընդհանուր մակերեսով այգիին ծառերը:

 

«Պետութիւնը ինծի որեւէ աշխատավարձ չի տար, ոչ մէկը կ՛օգնէ: Ես ալ տարիքով մեծ եմ, հիւանդ եմ, բայց չեմ ուզեր, որ այս եկեղեցին մնայ բախտի քմահաճոյքին»,- ըսած է Չաչուրը:

Daily Sabah թերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ այսօրուան հայ համայնքը 33 գործող եկեղեցի ունի. Հայերուն մեծ մասը «տեղափոխած են» ժամանակակից Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս:

Հայ եւ օտարերկրացի պատմաբաններու տուեալներով` մինչեւ 1915 Թուրքիոյ մէջ եղած են մօտ 2,5 հազար հայկական եւ մօտաւորապէս նոյնքան յունական եկեղեցիներ, ասորականները 100էն վեր էին: Գրեթէ բոլորը ոչնչացուած են, իսկ պահպանուած եկեղեցիներու ծագման մասին կը լռեն:

Մարտինի Ս․ Գէորգ եկեղեցին