ՀՀ Վարչապետը կը Խոստանայ Վերացնել Սփիւռքի Ներուժը Պետական Հիմնարկներու Կայացման Գործին Մէջ Կիրառելու Խոչընդոտները


“Արմէնփրես”․- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիս 20ին, ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման:

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իմաստը հայութեան հասարակական, տնտեսական, ելեւմտական, գիտական ներուժի կամ անոր զգալի մասը՝ իր տարածքին մէջ կեդրոնացնելն ու այդ ներուժի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը ապահովելն է: «Մեր խնդիրը մեր ժողովուրդի արտագաղթի հազարամեայ անիւը կանգնեցնելն ու ետ պտտցնելն է, Հայաստանը դարձնել պետութիւն մը, որ ուղղուած է հայութեան ներուժի պահպանման եւ անոր բնականոն գործունէութեան ապահովման: Այս նպատակին հասնելու համար՝ պէտք է հասնինք այն քայլին, որ ՀՀ քաղաքացին ըլլայ բարձրագոյն իշխանութիւնը: Ասիկա պէտք է ըլլայ Հայաստանի ապագայի անկիւնաքարը», ըսած է Փաշինեան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան առաջնային խնդիրն է դառնալ ժողովուրդի օրինական իշխանութեան երաշխաւորը:

Պատասխան այն հարցումին, թէ ինչպէս շարունակել քաղաքացիները ներգրաւած պահել քաղաքական գործընթացներուն մէջ ընտրութենէ ընտրութիւն ժամանակահատուածին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Ես կը կարծեմ՝ այս փոփոխութիւններէն ետք մենք քաղաքացիներու ներգրաւուածութիւն ապահովելու խնդիր չունինք, ամենակարեւորը այն է, որ քաղաքացին պայքարի իր իրաւունքին համար»:

Անդրադառնալով Սփիւռքի պարագային՝ վարչապետը նկատած է, որ այստեղ ներգրաւուածութեան խնդիրը երբեմն կապուած է Մայր օրէնքին մէջ ամրագրուած դրոյթներուն հետ: «Սահմանադրութեամբ կ՝ըսուի, որ օրինակ նախարար կրնայ նշանակուիլ այն մարդը, որ վերջին չորս տարին եղած է միայն ՀՀ քաղաքացի ու հինգ տարի մշտապէս բնակած է Հայաստանի մէջ: Մենք կը կարծենք, որ այս կարգաւորումը չ՝արտայայտեր մեր ազգային ձգտումները եւ անիկա կը ստեղծէ արհեստական խոչընդոտներ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան համար: Մենք մտադիր ենք այս արգելքները վերացնելու, որպէսզի Սփիւռքի ներուժը կարենանք օգտագործել պետական հիմնարկներու կայացման գործընթացին մէջ», վստահեցուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: