Վերջին Հրաժեշտը Մեծ Մարդուն` Շարզ Ազնաւուրին Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Մէջ


Հոկտեմբեր 6ին՝ Փարիզի Շանզ էլիզէի մօտ գտնուող հայկական Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մկրտուած եւ պսակադրուած է Շարլ Ազնաւուրը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հոգեհանգիստի կարգ մատուցած է: Հոգեհանգստի կարգին ներկայ եղած են Երգիչին ազգականները եւ ամենամտերիմ ընկերները: Թաղման թափօրը եկեղեցւոյ մէջ ուղեւորուած է Փարիզի արեւմուտք գտնուող Մոնֆոր Լամորի՛ համայնք, ուր տեղի ունեցած է անոր յուղարկաւորութիւնը:

Հակառակ Ազնաւուրի ընտանիքի խնդրանքին, որ յուղարկաւորութեան արարողութեան կարգը կազմակերպուի համեստ, առանց պաշտօնական անձերու եւ լրատուամիջոցներու  ներկայութեան, բայց ընտանիքի ցանկութիւնը մնացած է միայն ցանկութիւն, քանի որ Շարլ Ազնաւուրին վերջին անգամ հրաժեշտ տալու համար եկեղեցւոյ մօտ հաւաքուած են անոր երգարուեստի սիրահարները, ինչպէս նաեւ մարդիկ, որոնք ուղղակի ցանկացած են վերջին հրաժեշտ տալ մեծանուն երգիչին:

Հայաստանը այսօր նոյնպէս հրաժեշտ տուեցաւ Ազնաւուրին: Ամէնուր կը լսուէր Ազնաւուրի երգերը, մարդիկ ափսոսանքի խօսքեր կ՛ըսէին եւ յաւերժ մեր սրտերուն մէջ մնալու երդում կու տային: Շարլի հայրենիքին մէջ տիրող մթնոլորտը 6 օրէ ի վեր աշխարհին կը փոխանցեն Հայաստանի  մէջ գտնուող օտարերկրեայ լրագրողները: «Եւրոպա 1» ռատիօկայանի լրագրող Հելէն Թերզեանը կը պատմէ, որ Հոկտեմբեր 1-ին, երբ Ազնաւուրի մահուան լուրը գուժեց աշխարհին, ռատիօկայանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս որոշեց զինք գործուղել Երեւան:

«Ազնաւուրի հայրենիքը նման է իրեն` հիւրընկալ, ժպտերես, բարի ու սիրով լի»․ այսպիսի բառերով շուրջ 5 օրէ Երեւանէն ուղիղ եթերով հաղորդումներ կու տայ ֆրանսական BMF TVի լրագրող Քելին Լաֆին: «Հայաստանի մէջ արեւ կայ, ջերմութիւն կայ, սէր կայ ինչպէս Ազնաւուրի երգերուն մէջ է: Ես երիտասարդ սերունդէն եմ, բայց ատիկա չի խանգարեր, որ սիրահարուած ժամանակ լսեմ անոր երգերը»:

«Ապրելու համար մէկ ելք կայ միայն: Քեզի կը զիջին միայն այն պարագային, երբ քու կարիքդ կը զգան: Իսկ եթէ չէ` բարի ճանապարհ: Կը նշանակէ` նախ պէտք է օգտակար ըլլաս, ապա` անհրաժեշտ». սա էր Մեծ մարդու` Ազնաւուրի պատգամ- խորհուրդը: