Google-ի Մէջ «Արցախ» Բառի Որոնումը Աւելցած է 800 Հազարով


                   Ստեփանակերտ

“Արցախփրես”, – Վերջին տարիներուն Արցախի ճանաչելիութիւնը եւ զբօսաշրջութեան զարգացումը ենթարկուած է լուրջ փոփոխութիւններու, մասնաւորապէս` համացանցի մէջ զանազան առաջարկներու, հարթակներու շնորհիւ, նոյեմբեր 25-ին Արցախի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստի ընթացքին յայտնած է Մշակոյթի, Երիտասարդութեան Հարցերու եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, ատոր պատճառը համացանցէն օգտուողներու կեանքին մէջ ընկերային ցանցերու անփոխարինելի դերն է եւ առցանց զբօսաշրջային ամրագրման մեթոտներու եւ ձեւերու տարածումը, որոնք վերափոխած են միջազգային զբօսաշրջային շուկան` մեծապէս տկարացնելով զբօսաշրջային միջնորդ ընկերութիւններու եւ գրասենեակներու դերը:

««Ղարաբաղ» բառը անգլերէնով այսօր մօտ 8 միլիոն 150 հազար որոնում ունի: Սակայն, պէտք է փաստել, որ հիմնականօրէն բառը կը զուգորդուի պատերազմի եւ հակամարտութեան հետ: Իսկ «Արցախ» բառը որոնուած է մօտ 4 միլիոն 910 հազար անգամ: Ի տարբերութիւն «Ղարաբաղ» անունին, «Արցախ» բառը փնտռելու ատեն առաջին հերթին որոնումները ցոյց կու տան զբօսաշրջային ուղղութիւնները, պատմամշակութային յուշարձանները: Նախորդ տարուան համեմատ` Google որոնողական համակարգին մէջ 800 հազարով աւելցած է «Արցախ» բառի որոնումը», յայտնած է նախարարը:

Ան նշած է, որ այսօր զբօսաշրջութիւնը միջազգային ուղղութիւն է, որուն նպաստած են ելեկտրոնային ծառայութիւններու ներթափանցումն ու տարածումը: Հաշուի առնելով ատիկա՝ Արցախի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ծրագրին մէջ եւս փոփոխութիւններ կատարուած են: Թուային տիրոյթին մէջ առեւտրային աշխատանքները հիմնականօրէն ուղղուած պիտի ըլլան facebook-ի, instagram-ի, youtube-ի մէջ գովազդելու Արցախի զբօսաշրջութիւնը: Թուային առեւտուրի կարեւորագոյն գործիք համարուող website-ի զարգացման համար եւս ֆինանսական միջոցներ պիտի յատկացուին յատկապէս SEO-ի, Google Adwords-ի եւ այլ միջոցներով։

 Յովհաննիսեանի խօսքով` աշխատանքներ պիտի կատարուին, որպէսզի Google որոնողական համակարգին մէջ «Արցախ» բառը փնտռելու ատեն այցելուին համար առաջինը զբօսաշրջային եւ մշակութային ուղղութիւնները տեսանելի ըլլան: