Սիրելի հաւատացեալներ,
Կը յուսամ որ բոլորդ առողջ եւ ապահով էք։
Ի պատասխան վերջերս COVID-19 համաճարակի մասին շրջագայած լուրերուն, մեր աղօթքը առ Աստուած կը բարձրանայ աշխարհի չորս կողմը եղող բոլոր հիւանդներու առողջութեան եւ բուժաշխատողներուն համար։
Ինչպէս գիտենք, առողջապահական աղբիւրներ եւ պատասխանատուներ կը քաջալերեն որ իրարմէ որոշ հեռաւորութիւն պահենք, որպէսզի ժահրը չտարածուի։ Հաճեցէք մօտէն հետեւիլ դաշնային, նահանգային և քաղաքային իշխանություններուն կողմէ տրուած կարեւոր յանձնարարութիւններուն:
Հետեւելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Գանատահայոց Թեմի հրատարակած ցուցմունքներուն, այսու ձեզի կը փոխանցենք Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ որդեգրած միջոցառումները.
1. Ս. Պատարագ, Հսկում եւ Հոգեհանգիստ պիտի մատուցուին միայն քահանաներու եւ սարկաւագներու կողմէ, գոց դռներու ետեւ։ Հիւանդներու համար աղօթքի կամ հոգեհանգստեան համար հաճեցէք հեռաձայնել Եկեղեցւոյ գրասենեակը։
2. Ծիսակատարութիւն
Պսակի եւ մկրտութեան այն արարողութիւններուն պարագային որոնք տեղի պիտի ունենային Ապրիլ եւ Մայիս 2020 ամիսներուն Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, հաճեցէք հեռաձայնել Եկեղեցւոյ գրասենեակը։
3. Յուղարկաւորութիւն. Միայն Թաղման արարղութիւն պիտի կատարուրի գերեզմանատան մէջ՝ քահանային կողմէ եւ միայն ընտանիքի անդամներու ներկայութեան։
4. Ձեռնարկներ, Ժողովներ, Փորձեր: Բոլոր այն ձեռնարկները որոնք տեղի կ’ունենան հովանաւորութեամբ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցեւոյ, Բարեւ Կեդրոնի եւ Հայ Ընտանիքի Ծառայութիւններու Յանձնախումբին կողմէ, ջնջուած են ցնոր տնօրինութիւն։
5. Ուղղակի Հաղորդում: Այս անկայուն օրերու ընթացքին մեզի կրնաք հետեւիլ Facebook/TorontoArmenianChuch-ի կայքը այցելելով, ուր պիտի գտնէք ուղղակի հաղորդումներ, աղօթքներ եւ օգտակար կայքեր։
6. Գրասենեակի Ժամեր: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ գրասենեակի ժամերը փոխուած են, բայց պատգամները եւ է-նամակները կանոնաւորապէս նկատի կ’առնուին։ Հաճեցէք ձեր անունը եւ հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ պատգամը յստակօրէն արձանագրել, որպէսզի կարենանք ձեր հետ կապուիլ եւ օգտակար ըլլալ։
Անի Սարվարեան, Գործադիր Քարտուղարուհի
Ani@TorontoArmenianChurch.com
416-431-3001 ext. 226
Պէթթի Փանոսեան, Վարչական Քարտուղարուհի
Betty@TorontoArmenianChurch.com
416-431-3001 ext. 222
Սիրելիներ, միասին աղօթենք բոլոր հիւանդներու շուտափոյթ ապաքնման, բոլոր անոնց որոնք օրնիբուն կ’աշխատին այս համաճարակը սահմանափակելու համար, ինչպէս առաջնորդները եւ որոշում առնողները, բժշկական մարզի հետազօտողները, բուժաշխատողները, ուտելիք, դեղօրայք հայթայթողները։ Թող Աստուած օրհնէ բոլորին։
Թող Աստուծոյ սէրն ու Խաղաղութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։Մնամք սիրով աղօթարար՝
Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Գանատահայոց Թեմի ՓոխառաջնորդՍբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ |
|
|