Human Rights Watchի Կոչը ՀՀ Իշխանութիւններուն


Ամերիկայի Ձայնի հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Human Rights Watchի Հարաւային Կովկասի գծով տնօրէն Գիորգի Գոգիան անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն:

«Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կամակերպութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զրագացումներուն եւ բողոքի ցոյցերուն: Ցաւօք սրտի, Հայաստանը ունի ազատ հաւաքներու եւ խաղաղ ցուցարարներու բողոքի ցոյցերը խոչընդոտելու եւ ցուցարարներու հանդէպ անհամաչափ ուժ կիրառելու պատմութիւն, ինչ որ կրկնուեցաւ նաեւ այս անգամ:

«Այդ պատճառով մենք չափազանց մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ կոչ կ՛ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն չխոչընդոտելու խաղաղ ցուցարարներու ազատ հաւաքներն ու ցոյցերը:

«Այսօր առաւօտեան Human Rights Watchը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` յիշեցնելով ՀՀ յիշխանութիւններուն ցոյցերու ընթացքին իրաւապահ մարմիններու` անհամաչափ ուժի կիրառման անցեալը:

«Մենք կը տիրապետենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներու բոլոր մանարամասնութիւններուն եւ կոչ կ՛ընենք ՀՀ իշխանութիւններուն յարգելու ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները:

«Մենք արդէն արձանագրած ենք, որ երէկ ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ նետած է ցուցարարներու ուղղութեամբ: Իրաւապահ մարմինները պետք է զերծ մնան նռնակներու օգտագործումէն: Թէեւ ատոնք ոչ մահաբեր ազդեցութեան նռնակներ են, սակայն ատոնք կրնան լուրջ վնաս հասցնել եւ լուրջ հետեւանքներ ունենալ մարդու առողջութեան համար», Skypeի միջոցով յայտնած Գոգիան: