Made in Artsakh. Ջերմ Բաճկոններ Արցախէն՝ Եւրոպական Շուկայ


(5-րդ ալիք),- 5 տարի առաջ Great Partnersը Արցախի մէջ սկսաւ իր գործուէութիւնը։ Ընկերութեան գործարանին մէջ կը կարուին եւրոպական յայտնի վաճառանիշներու հագուստներ, բաճկոններ։ Այժմ անոնք կը համագործակցի եւրոպական հանրաճանաչ շարք մը ընկերութիւններու հետ։ Հումքն ու ձեւը եւրոպական է, կարը՝ արցախցիներունը։ Ողջ արտադրութիւնը, ներառեալ կարուած հագուստի վերջնական որոկաւորումը կը կատարուի մասնագէտներու վերահսկողութեան տակ։

«Արտադրանքի որակը կը համապատասխանէ չափանիշներուն։ Տարբեր երկիրներ կ՛ուղարկենք, ամէն մէկ վաճառանիշ ունի իր որակի չափանիշը եւ այստեղ կրնան այդ որակը ապահովել», կ՛ըսէ  ընկերութեան պատասխանատուներէն մէկը։

Գործարանին մէջ մօտ 300 մարդ կ՛աշխատի։ Կար ընող Մարիա Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ ինք հաճոյքով կ՛աշխատի եւ իր ամէն ջանքը կ՛ընէ լաւ արտադրանք ստանալու համար։ Մէկ այլ աշխատող՝ Լարիսա Գայամեան կը նշէ, որ երբ կը նային, կը հպարտանան, որ այսպիսի արտադրանք կրնան տալ։

Ընկերութեան աշխատակազմի ղեկավար Նելլի Յարութիւնեան կը յայտնէ, թէ ունին նոր աշխատողներ, ստացած են բաւական մեծ քանակի կարի նոր մեքենաներ, որոնք կ՛ապահովեն արտադրանքի բարձր որակը։

Great Partnersի արտադրանքը կը վաճառուի միայն եւրոպական շուկայի մէջ։ Արժէքը մինչեւ €1000 է: