«Nouvelles d’Arménie»ի Գրասենեակին Վրայ Յարձակում


«Nouvelles d’Arménie»ի գրասենակը՝ յարձաման երթանկուելէն ետք

«Օրեր»- Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հաղորդած է, որ Փարիզի մէջ յարձակում կատարուած է «Նուվել Տ՛Արմենի» («Nouvelles d’Arménie») հայկական պարբերականի գրասենեակին վրայ՝ դատապարտելով խօսքի ազատութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնը:

«Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի գրասենեակին վրայ այս յարձակումը: Ասիկա լուրջ ոտնձգութիւն է խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ», նշուած է դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ:  Մինչ այդ, «Նուվել Տ՛Արմենի»-ն «Թուիթըր»-ի վրայ գործուած աւերը ներկայացնող լուսանկար հրապարակած է:

Հայկական ամսագիրը յարձակումը կը կապէ գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանի` Փարիզի մէջ տեղի ունեցող հակաթրքական շարժումներուն մասնակցելու եւ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութիւն յայտնելու հետ:

Նշենք, որ խմբագրութեան վրայ յարձակումը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 19-20 ի գիշերը: Յարձակողները, խմբագրութեան տեղեկութիւններով` գրաւած են 3 համակարգիչ եւ 1  լուսանկարչական խցիկ, որոնց մէջ եղած են խմբագրական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ամսագիրի յառաջիկայ թիւերու լրագրողական նիւթեր: