Repat Start Up Ծրագիրին Մասնակցելու Կոչ


«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը 10 Յունուար 2019ին յայտարարեց Repat Start Up Mentorship Program ծրագիրին յայտեր ընդունելու երկրորդ փուլին մասին:

Փետրուար 2018ին մեկնարկած ծրագիրին նպատակն է՝ աջակցիլ նորարարներուն, որոնք պատրաստ են Հայաստանի զարգացման նպաստող նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնել:

Ծրագիրը նախապատուութիւն կու տայ այն դիմողներուն, որոնք փորձառութիւն ունին գործառնական կամ հասարակական նախաձեռնութիւններուն մէջ եւ գործունէութիւնը կը ներառէ՝ զբօսաշրջիկութեան, բժշկական ծառայութեան, արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան, կրթութեան, հասարակական նախաձեռնութիւններու եւ արտադրութեան ոլորտները:

Կրնան դիմել այդ անձերը, որոնք Հայաստանէն դուրս կը բնակին կամ անոնք, որոնք Հայաստան կ՛ապրին եւ Հայաստան գտնուելու ժամանակը 3 տարին չէ անցած: Եթէ Հայաստանէն դուրս բնակողին ծրագիրը ընտրուի, այդ դիմողը կարելիութիւն կը ստանայ Հայաստանի մէջ ծրագիրի համակարգող ունենալու: Ծրագիրի համակարգողի ընտրութիւնը պէտք է կատարէ ծրագիրին մասնակցութիւնը հաստատուելէն ետք՝ 30 օրուան ընթացքին:

Ծրագիրը կարելիութիւն կը ստեղծէ անձնական առաջնորդ-խորհրդատու (mentor) ունենալու եւ միամեայ բաժանորդութիւն ստանալու coworking տարածքին մէջ: Ծրագիրին ընթացքին մասնակցողը կը ստանայ իրաւական եւ տեղեկատուական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ քարոզչութեան ու հանրային կապերու աջակցութիւն, մասնակցութիւն Sevan StartUp Summitին, եւ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ փորձառու մասնագէտներու հետ հաղորդակցելու եւ կապ հաստատելու առիթ:

Ծրագիրին դիմելու ժամկետն է 10 Փետրուար 2019:

Նշենք, որ Repat Start Up Mentorship Program ծրագիրի առաջին փուլին ընտրուած մասնակցողները 8 Նոյեմբեր 2018ին «Meet and Greet» միջոցառման ընթացքին, առաւել քան 60 ներկաներուն ներկայացուցին իրենց նախագիծերուն կատարուած աշխատանքը նախորդ 6 ամիսներուն ընթացքին:

Ծրագիրը մեկնարկեց եւ իրականացաւ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնդրամին նախաձեռնութեամբ: «Վերադարձ Հայաստան» հիմնդրամը ապաքաղաքական հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է 2012ին: Հիմնադրամի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն են՝ հայրենադարձութեան խրախուսումը, հայրենադարձներուն տրամադրուող անհատական աջակցութեան ապահովումը եւ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան ձեւաւորումը: