UNESCOն Համշէնահայերէնը Ներառած է Անհետացող Լեզուներու Ցանկին Մէջ


“Հիւրրիէթ”, “Էրմէնիհապեր”,- «UNESCO»ի հրապարակած «Անհետացող լեզուներու քարտէս»ին համաձայն` Թուրքիոյ մէջ 11 լեզու անհետացման եզրին է, իսկ 3 լեզու` վաղուց արդէն մեռած:

Անհետացման վտանգի տակ եղող լեզուներու շարքին են՝ Տրապիզոնի մէջ միայն տարեցներու կողմէ խօսուող պոնտոսեան յունարէնը, Արթուինի Խոփա շրջանին մէջ խօսուող հայերէնի իւրայատուկ բարաբռներէն մէկը` համշէնահայերէնը, Չամլըհեմշինի մէջ առաւելապէս մեծերու կողմէ խօսուող լազերէնը, Էտիրնէի տարածաշրջանին մէջ տարեցներու մէջ խօսուող գնչուական լեզուն, դարձեալ Էտիրնէի մէջ խօսուող գագաուզերէնը, Թուրքիոյ մէջ շուրջ 5-6 հազար անձի մէջ խօսուող սեֆարդերէնը եւայլն։ 

Թրքական թերթը առանձին-առանձին խօսած է անհետացման եզրին գտնուող գրեթէ բոլոր այս լեզուներու ներկայացուցիչներու հետ: Համշէնահայերէնի կրողները հիմնականօրէն կը բնակիւն Արթուինի Խոփա շրջանին մէջ: Խոփայի Քեմալփաշա աւանին մէջ կը բնակին համշէնահայ Այշէ Ալգիւրը` որդիին եւ հարսին հետ: Անոր միւս զաւակները տեղափոխուած են մեծ քաղաքներ:

«Երբ ես ծնած եմ, այստեղ հայեր չեն եղած: Անոնք գացած էին, բայց իրենց լեզուն մնացած էր: Աչքս բացի` համշէնահայերէն լսեցի, մեծցայ` թրքերէն սորվեցայ», կը  պատմէ Այշէն:

Քեմալփաշայի մէջ համշէնահայերէնը հիմնականօրէն մեծերու կողմէ կը խօսուի, իսկ երիտասարդներու հետ թրքերէն կը խօսին: Տարեց համշենցիներու մահէն ետք, համշէնահայերէն խօսողներուն թիւն ալ հետզհետէ կը նուազի:  Այշէին խօսքով` այստեղ ոչ ոք համշէներէնի այբուբենը չի գիտեր, գրել-կարդալ` նոյնպէս: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին որեւէ համշէնահայերէն գիրք չէ տեսած:

Այշէ  Ալկիւրի հարեւան Կիւնայ Շերեմեթը միայն մասամբ կը տիրապետէ համշէնահայերէնին: Իսկ անոր 5 եւ 7 տարեկան երեխաները, թէեւ կը հասկնան համշէնահայերէն, բայց չեն խօսիր: Շերեմեթը կը պատմէ, որ ամէն ձեւով փորձած է երեխաներուն համշեներէն սորվեցնել, բայց քանի որ թէ՛ բակին, թէ՛ դպրոցին մէջ իշխող լեզուն թրքերէնն է, երեխաները հեշտութեամբ կը մոռնան համշէնահայերէնը: