UWC Դիլիջանի Դպրոցը Բացայայտում էր Արտերկրէն Եկած Հիւրերուն Համար


“Մեդիամաքս”,- Ամէն տարի UWC (Միացեալ աշխարհի քոլեճներ) միջազգային ցանցի կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներն ու դպրոցներու տնօրէնները կը հանդիպին, կը քննարկեն իրենց դիմագրաւած խնդիրները ու լուծումներ կը փնտռեն: Այս տարի UWC Դիլիջան դպրոցը հիւընկալեց տարեկան այդ հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 21-28։

Առաջին անգամ կրթական կարեւոր այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ։ UWC Դիլիջան քոլեճի կառավարման խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտ կ՛ըսէ, որ հիւրերէն շատերը Հայաստանի մասին իմացած են UWC Դիլիջան քոլեճի բացումէն ետք․ «Հիմա, երբ սեփական աչքերով տեսան Հայաստանը, շատերը կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն հետ որպէս զբօսաշրջիկ: Կը ցանկան, որ իրենց երեխաները ուսանին այստեղ: Սա այն է, ինչին մենք կը ձգտէինք` հիմնելով միջազգային դպրոց: Երբ աշխարհի տարբեր ծայրերէն երեխաները կու գան Հայաստան, ծնողները ատիկա կը դիտեն որպէս մեծ առաւելութիւն, որովհետեւ անոնք դուրս կու գան իրենց միջավայրէն եւ սորվին նոր բաներ: Մենք աշակերտներուն կ՛առաջարկենք ոչ աւանդական, նոր մեթոտներ եւ ֆիտելիքներ: Մենք կը փորձենք ապահովել անձի ոչ միայն ակադեմիական գիտելիքները, այլեւ` բազմակողմանի զարգացումը, ձեռնարկատիրական կարողութիւնները, «Օրորա»ի միջոցով` նաեւ մարդասիրական արժէքները: Այստեղ կը մեծնան մարդասիրական արժէքներ կրող առաջնորդներ», ըսաւ Զոնապենտ:

Ի տարբերութիւն շատ հիւրերու` UWC միջազգային գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հենս Վալթերման Հայաստան կու գայ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով: Հայաստան աշխարհէն ոչ պակաս անոր հիացուցած են հայ ուսանողները, որոնց հետ շփուելու առիթ ունեցած է նաեւ արտերկրի մէջ:

«Ես հանդիպած եմ Դիլիջանի ու UWC այլ դպրոցներու մէջ ուսանող հայ աշակետներու հետ, եւ շատ տպաւորուած եմ անոնց ակադեմիական գիտելիքներով ու մեծ ներուժով: Հայ երիտասարդները միշտ կ՛առանձնանան իրենց տաղանդով ու աշխատասիրութեամբ», ըսաւ Վալթերման:

UWC ցանցի դպրոցներ կան 17 երկրի մէջ: Հակառակ ազգային եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն` զանոնք կը միաւորէ նոյն գաղափարը: Ամենամեայ հաւաքներուն միջազգային ցանցի կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները կը քննարկեն խնդիրներ, մարտահրաւէրներ, կ՛օգնեն իրարու խորհուրդներով, փորձով:

«Այս հանդիպումները, քննարկումները շատ կարեւոր են յատկապէս դպրոցներու տնօրէններուն համար, անոնք կը հասկնան, որ մենակ չեն, նոյն խնդիրները նաեւ իրենց գործընկերները ունին: Դպրոց ղեկավարելը հեշտ չէ, դուն պատասխանատու ես 70 երկրէ ժամանած 200 երիտասարդի համար. տարբեր են մշակոյթները, աւանդոյթները, տարբեր է պատկերացումները` ինչ կարելի է ընել, ինչ` ոչ: Շատ տարբեր իրավիճակներ կը ստեղծուին, եւ, ի հարկէ, շատ կարեւոր է խորհրդակցիլ, հասկնալ, գտնել լուծումներ: Ամենամեայ հանդիպումները առիթ կու տան կապի մէջ մնալու միւս դպրոցներուն հետ եւ պահպանելու ընդհանուր ոգին», ըսած է Դիլիջան Քոլեճի տնօրէնը։

UWC Դիլիջան քոլեճը բացայայտում էր ոչ միայն արտերկրէն ժամանած հիւրերուն, այլեւ` Հայաստանի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի տիկնոջ համար: Ամփոփիչ հանդիպման ան նաեւ ներկայ էր` իր դուստրերուն հետ: Ուսանողներու ուղեկցութեամբ` Աննա Յակոբեան երկար շրջեցաւ դպրոցին մէջ, եւ իր ելոյթի ժամանակ ըսաւ, որ  սա կրթական հաստատութիւն մըն է, ուր երեխաներուն կը սորվեցնեն ոչ միայն ուսողութիւն, գրականութիւն եւ այլ առարկաներ, այլ կը սորվեցնեն ապրիլ, շփուիլ եւ ճանչնալ տարբեր ազգութիւններ, մշակոյթներ եւ աւանդոյթներ: 

«Շփուելով այստեղ սորվող աշակերտներու հետ, տեսնելով, թէ ինչպէս անոնք կը ներկայացնեն դպրոցը ու իրենց ստացած գիտելիքները` կարելի է ապշիլ, թէ որքան մեծ հեռանկարներ կը բանայ դպրոցը, հեռանկարներ, որոնց մասին կարելի է երազել: Շնորհակալութիւն UWC Դիլիջան հիմնադիրներուն այսպիսի հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար», ըսաւ Յակոբեան:

Երգով, պարերով, բեմականացումներով աշակերտները հիւրերուն ներկայացրեցուն քոլեջի մշակութային բազմազանութիւնը: Յետոյ Վերոնիքա Զոնապենտի ուղեկցութեամբ Աննա Յակոբեան այցելեց Դիլիջանի համայնքային կեդրոն, ուր Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու բնակիչներուն համար անվճար կը կազմակերպուին տարատեսակ դասընթացներ` ձեռագործէն մինչեւ հիւրատուներու կառավարման, մակնշման ու օտար լեզուներու ուսուցում:

UWC («Միացեալ աշխարհի քոլեճներ») համաշխարհային կրթական շարժման առաքելութիւնը կրթութիւնը դարձնել մարդոց, ազգերու եւ մշակոյթներու միաւորող ուժ` խաղաղ եւ կայուն ապագայ կերտելու նպատակով: 1962 թուականին հիմնադրուած UWC կրթական շարժումը ներկայիս կը ներառէ 17 միջազգային դպրոց ու քոլեճ, որոնք կը գնուին աշխարհի չորս մայրցամաքներու մէջ։ 

UWC Դիլիջան քոլեճը Արեւելեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ տարածքին մէջ հիմնուած առաջին միջազգային գիշերօթիկ դպրոցն է, որ կը գործէ UWC կրթական օրինակով: Դպրոցը բացուած է 2014ին Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէ եւ ներկայիս ունի 218 աշակերտ աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներէ: Քոլեճի ընդունելութեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է ֆինանսական աջակցութեան կարիքի վրայ եւ թոյլ կու տայ դիմել բոլորին`անկախ ընկերային-տնտեսական դրութենէն: Աշակերտներուն 40 տոկոսը կը ստանայ լրիւ կամ գրեթե լրիւ կրթաթոշակ,իսկ 50  տոկոսը կը ստանայ տարբեր աստիճանի ֆինանսական աջակցութիւն: 2016ի Մայիսին UWC Դիլիջան քոլեճը ունեցաւ իր առաջին շրջանաւարտները, որոնցմէ շատերը կրթութիւնը կը շարունակեն աշխարհի յայտնի համալսարաններուն մէջ:

Լուսանկարները՝ Էմին Արիստակեսեանի