«UWC Դիլիջան» Միջազգային Դպրոցը Կրնայ Ըլլալ Ոգեշնչանքի, Հիացումի, Լաւատեսութեան Կեդրոն․ Նիկոլ Փաշինեան


Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ «UWC Դիլիջան» միջազգային դպրոցի շրջանաւարտներու աւարտական հանդէսին: Վարչապետը նախ շրջայց կատարեց դպրոցին մէջ, ծանօթացաւ այնտեղ ստեղծուած պայմաններուն, կրթական հնարաւորութիւններուն:

Ողջունելով դպրոցի շրջանաւարտները` Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ուրախ է Հայաստանի մէջ նման դպրոցի առկայութեամբ: «Սա ապագայ Հայաստանի խորհրդանիշն է, որ պիտի ըլլայ սիրոյ եւ համերաշխութեան, բարձր մակարդակի կրթութիւն ապահովող պետութիւն: Գիւմրիէն մեկնարկած քայլերու ընթացքին ես անցած եմ այստեղով, տխուր էի` տեսնելով այս վայրի եւ շրջապատող տարածքներու տարբերութիւնը: Բայց այս պահուն հասկցայ, որ այս դպրոցը կրնայ ըլլալ ոգեշնչանքի, հիացումի, լաւատեսութեան կեդրոն Դիլիջանի բնակիչներու կամ անոնց համար, որոնք պիտի անցնին այստեղէն», ըսաւ Փաշինեան:

Ան աւելցուց, որ ոգեւորուած է դպրոցի մէջ ստեղծուած դրական մթնոլորտով եւ կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի կրթութեան ապահովումը: Ն․ Փաշինեան նշեց, որ մեր երկրի մէջ առկայ կրթական խնդիրները հետեւողականօրէն պիտի լուծուին: «Մենք երջանիկ ենք տեսնելով ձեզ Հայաստանի մէջ, յոյս ունինք, որ դուք կը պատմէք մեր երկրի պատմութիւնը, երբ վերադառնաք ձեր երկիրներ, կը պատմէք, որ մենք փոքր երկիր ենք, բայց մեծ սրտով մարդոց երկիր ենք, ժողովրդավար եւ համերաշխ», դիմելով շրջանաւարտներուն` նշեց վարչապետ Փաշինեան:

Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կ՛աւարտէ 104 ուսանող աշխարհի 63 երկրէ:

Շրջանաւարտներէն 10-ը հայեր են: Դպրոցը արդէն 3-րդ անգամ շրջանաւարտ կու տայ: Դպրոցին մէջ այժմ կ՛ուսանին 210 ուսանող աշխարհի 80 երկրէ: Ուսանողներուն 96 տոկոսը այս դպրոց կը յաճախէ մասնակի կամ լրիւ կրթաթոշակով: Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կը գործէ 2014 թուականի Հոկտեմբերէն: