Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ Այցելեց Հալէպ


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպի ազատագրման ու յաղթանակի ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը կրկնապատկուեցան, երբ 5 Յունուար 2017ի յետմիջօրէի ժամը 2ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Հալէպ, շնորհաւորեց Հալէպի ազատագրումը եւ ոգեւորեց հալէպահայութիւնը:

Կաթողիկոսը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէ, Հալէպի մօտ ՀՀ փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄի եւ Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան արի-արենուշներուն եւ փողերախումբերուն, հալէպահայ միութիւններու պատասխանատուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Վեհափառին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնիկեան, Յովակիմ աբղ. Բանճարճեան, Նորայր եպս. Աշըգեան:

Քահանաներուն կողմէ մատուցուած աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Կանոնական աղօթքին:

Եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Հոգեւորականաց դասուն, Ազգային իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը անդրանիկ իր պատգամին ընդմէջէն, խօսքը ներկայ բազմութեան ուղղելով ըսաւ.

«Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին տագնապեցաք, տառապեցաք եւ ահաւոր դժուարութիւններու դիմաց կանգուն մնացիք որպէս Սուրիոյ հայութիւն եւ յատկապէս որպէս Հալէպի հայ համայնք: Ճիշդ է, որ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին այս դժուար պայմաններուն մէջ ես ձեզի հետ չեղայ, սակայն կը վստահեցնեմ ձեզի, որ աղօթքիս ճամբով, աշխատանքիս ճամբով դուք իմ կեանքիս մէջ մնացիք մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն:

Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին շրջապատուեցաք ահաւոր դժուարութիւններով: Յաճախ մահն ու սարսափը շրջապատեցին ձեր կեանքը, սակայն շնորհիւ ձեր քրիստոնէական հաւատքին, ամուր կամքին ու վառ յոյսին Հալէպի հայութիւնը մնաց կանգո՛ւն, մնաց ներկա՛յ, եւ այսօր եկած եմ ձեզի ըսելու, որ մենք միասնաբար ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութիւնը ու յատկապէս հալէպահայութիւնը պիտի առաջորդենք դէպի վերականգնում, դէպի մեր համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում:

Ճիշդ է, անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին պայմաններու բերումով մեր սիրելի զաւակներէն ոմանք հեռացան, սակայն ինչպէս կը լսէի Շահան սրբազանէն ու այսօր կը տեսնեմ ու կը վկայեմ, հալէպահայութիւնը ներկա՛յ է ու կը շեշտեմ՝ հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վերանորոգ հաւատքով ու ոգիով պիտի շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական կեանքը:

Երէկ պատեհութիւնը ունեցանք հանդիպելու Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին հետ: Նախագահը մեծ գահատանքով, սիրով խօսեցաւ ձեր մասին, Սուրիոյ հայութեան մասին: Նախագահի մը կողմէ նման մօտեցում եզակի երեւոյթ է, իսկ Սուրիոյ հայութիւնը արժանի է նման գնահատանքի, որովհետեւ դուք այս երկրին ձեր հաւատարմութեամբ, անոր իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդին նկատմամբ ձեր հաւատարմութեամբ արժանի եղաք նախագահին, երկրի պետական պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ իսլամ ու քրիստոնեայ ժողովուրդին գնահատանքին՝ հաստատելով, որ Սուրիան դարեր շարունակ եղած է կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան երկիր»:

Ապա վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Բերիոյ թեմի առաջնորդը, որ պատերազմի տարիներուն ժողովուրդին կողքին մնաց՝ հաւատարիմ իր ծառայողական առաքելութեան: Կաթողիկոսը գնահատեց նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ յատկապէս հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղաքը, որոնք իրենց պատուաբեր մօտեցումով, կեանքին գնով տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդին, մեր ընտանիքներուն:

Եզրափակելով՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ ձեզի, ժողովո՛ւրդ հայոց, որ մեր ամբողջ ժողովուրդը ձեզի հետ եղաւ, ձեզի հետ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ձեզի հետ եղան նուիրապետական մեր զոյգ Աթոռները, Հայ կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որովհետեւ մեզի համար սուրիահայ գաղութը պատմական գաղութ է: Սուրիահայ գաղութին վերականգնումը համահայկական մտահոգութիւն է, համահայկական յանձնառութիւն: Այստեղ եկանք ձեզի յայտնելու, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամբողջական նուիրումով յանձնառու կը մնայ սուրիահայութեան վերականգնումի անյետաձգելի առաքելութեան»:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն Հալէպի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան Կեդրոնական մարմինին եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի ընդունի Սուրիոյ խորհրդարանի անդամները, քրիստոնեայ համայնքապետները, Հալէպի Մուֆթին եւ իսլամ կրօնաւորները, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ պիտի մասնակցի Խթման պաշտօնական ընթրիքին:

Զատկուան օրը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հայրապետական Ս. պատարագ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ, որմէ ետք եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային ընդունելութիւն-աջահամբոյր:

Վեհափառը այցելեց նաեւ Հալէպի բերդն ու եկեղեցիները: