Զրոյց՝ «Կիլիկիա» Նուագախումբի Երաժիշտներուն Հետ


“Կիլիկիա” նուագախումբի երաժիշտներ՝ Յովիկ Կարապետեան, Վրէժ Ղազարեան եւ Գէորգ Մանուկեան ելոյթի պահուն

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Վերջին տարիներուն Գանատա հաստատուած եւ Թորոնթոյի մէջ առաջին անգամ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ համախմբուած երաժիշտներ՝ Վրէժ Ղազարեան, Գէորգ Մանուկեան եւ Յովիկ Կարապետեան, անցնող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին մասնակցեցան զանազան ձեռնարկներու, ապա համատեղեցին իրենց տարիներու փորձառութիւնն ու երաժշտական գիտելիքները եւ կազմեցին “Կիլիկիա” նուագախումբը։ Վերջերս ներկայ եղայ խումբի կատարած փորձերէն մէկուն, ուր առիթը ունեցայ զրուցելու խումբի անդամներուն հետ՝ տեղեկանալու իրենց աշխատանքներուն եւ յետագայի ծրագիրներուն մասին։ 

 Փողային զանազան գործիքներու մենակատար Գէորգ Մանուկեան խումբի կազմաւորման մասին յայտնեց, որ երեք երաժիշտները իրարու ծանօթ էին Հալէպէն, սակայն իրենց ուղիները միացան հոս՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ։ «Առաջին անգամ մասնակցեցանք Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի կազմակերպած՝ «Անմոռաց Երգեր»ու ձեռնարկին ու բազմաթիւն երաժիշտներու հետ բեմ բարձրացանք, ետքը՝ երաժիշտ ջութակահար Յովհաննէս Մուպայյէտի ընկերակցութեամբ նուագեցինք պարսկահայ գաղութը ներկայացնող՝ «Տոհմիկ Երեկոյ»ին, ուր  նկատեցինք, թէ մեր երաժշտական ճաշակները ներդաշնակութիւն գտած են եւ իսկոյն որոշեցինք խումբ կազմել։ Իբրեւ խումբ, առաջին անգամ ներկայացանք Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը, ուր ներկայացուցինք Կոմիտասի ստեղծագործութիններէն փունջ մը՝ Յովիկին իւրայատուկ մշակումով։ Մեր երկրորդ մասնակցութիւնը եղաւ Թորոնթոյի Պատանեկան Միութեան կազմակերպած` Փետրուարեան Ապստամբութեան նուիրուած երեկոյթին, երբ նուագեցինք երգիչ Յովիկ Մանուշեանի եւ հիւրաբար մասնակից երգիչ Սերոբ Յակոբեանի մենակատարած ազգային երգերը։ Ապրիլ 18-ին պիտի մասնակցէինք ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած կալային, որ չեղեալ նկատուեցաւ «քորոնա» ժահրին պատճառով», նշեց ան։

 Երաժշտական ճաշակին, երգացանկին եւ ընթացող աշխատանքին մասին մեկնաբանեց կիթառահար Յովիկ Կարապետեան ըսելով՝ «Հայկական երգերուն ու եղանակներուն նոր շունչ կը փորձեմ տալ։ Նրբութեամբ հիւսած, գործիքաւորած եւ մշակած նուագները մեր խումբին իւրայատուկ կատարմամբ կը ներկայացնենք Blues եւ Jazz-ային ոճով, անշուշտ հանրաճանաչ օտար երաժշտութիւններ ալ ներգրաւած ենք մեր ճոխ ցանկին։ Ունինք նաեւ տեսերիզի ձեւով նկարահանած երաժշտական կտորներ, որոնք տեղադրած ենք մեր դիմատետրի էջերուն վրայ, անոնցմէ կրնամ յիշել` «Հինկալլա», «Երեւան, Երեւան, Իմ Միակ Օթեւան…»ը, որ արդէն ճազային մշակումով ներկայացուած էր նախապէս, «Հով Արէք»ն ու «How Insensitive»-ը։ Մեր յաջորդ քայլը խումբին համար յատուկ դիմատետրի էջ պատրաստելը, ինչպէս նաեւ YouTube-ին մէջ մեր նուագները տեղադրելն է, որպէսզի մեծ թիւով երաժշտասէրներ ճաշակեն մեր ներկայացուցած արուեստը»։

 Անհատական մասնակցութիւններուն եւ խումբին ապագայի ծրագիրներուն մասին խօսեցաւ դաշնակահար եւ ստեղնաշարային գործիքի մասնագէտ Վրէժ Ղազարեան։ «Ճիշդ է, որ մենք այս խումբին անդամներն ենք, բայց եւ այնպէս կրնանք այլ երաժիշներու հետ բեմ բարձրանալ։ Այդպիսի պայման մը չունինք, որուն հիման վրայ մեր խումբի անդամները պայմանաւորուին միայն իրարու հետ նուագելու, օրինակ՝ եղան այնպիսի առիթներ, որոնց ընթացքին անհատապէս այլ երաժիշտներու կողքին նուագեցի։ Համավարակին բերած տագնապը եւ ձեռնարկներուն չեղեալ նկատուիլը դիւրին չէր բոլորիս համար, սակայն մենք առողջապահական կանոնները յարգելով մեր բնականոն փորձերը շարունակեցինք եւ շաբաթական դրութեամբ կը շարունակենք իրականացնել։ Մեր անկնկալները շատ են, վերջերս Գանատահայ երաժիշտներու հետ նոր ծրագիրներու վրայ կ’աշխատինք, առաւել եւս նկարահանումի ալ կը պատրաստուինք։ Չակերտները շատ չեմ ուզեր բանալ, բայց վստահ եմ, որ անակնկալները պիտի խանդավառեն երաժշտասէրները», ըսաւ ան ու խումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Թորոնթոհայ»ի խմբագրական կազմին։