Հայաստանի Մէջ Ընտրելու Իրաւունք Ունի 2 Միլիոն 564 Հազար 244 Մարդ


ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի ոստիկանութիւնը հրապարակած է Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն ընդհանուր թիւը։

Ըստ Ոստիկանութեան՝ քուէարկութեան օրէն 20 օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընտրողներուն ընդհանուր թիւն է 2.564.244 հոգի։

Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կը մասնակցին 9 քաղաքական ուժեր, որոնցմէ 5­ը կուսակցութիւն են, 4ը դաշինք: Ընտրապայքարի մէջ կը մտնեն «Հայաստանի Հանրապետական», «Հայկական Վերածնունդ» «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Ազատ Դեմոկրատներ» եւ «Հայաստանի Կոմունիստական» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ելք», «Օհանեան­-Րաֆֆի-Օսկանեան», «Կոնգրէս-ՀԺԿ»­ եւ «Ծառուկեան» դաշինքները: