Անժելիք Աստուրեան-Գիրիճեան
Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
«Քորոնա» ժահրի պատճառած տագնապն ու աննախընթաց իրադարձութիւնները կը բարդացնեն շատերուս առօրեան, սակայն գաղութի մէջ գործող հաստատութիւններ, իրենց մատուցած ծառայութիւններով, կը հասնին բոլորին օգնութեան։ Այս ծիրէն ներս, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատու Անժելիք Աստուրեան-Գիրիճեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցով, մեր ընթերցողներուն մօտէն պիտի ծանօթացնենք գրասենեակին մատուցած ծառայութիւններուն եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նոր յայտարարութիւններուն եւ վերջին օրերուն յայտարարուած օգնութեան ծրագիրներուն եւ նպաստներուն մասին։
Հ- «Քորոնա» ժահրին պատճառով զանազան նորութիւններ, փոփոխութիւններ եւ կառավարութեան կողմէն օգնութեան նպաստներու յայտարարութիւնները եղան, որոնք երբեմն անհասկնալի են շատերուս համար։ Մեր համայնքի զաւակները, այդ նորութիւններէն տեղեկանալու համար ինչպէ՞ս կրնան կապուիլ ձեզի հետ։
Պ- Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առիթը տուիք ինծի այս հարցազրոյցին միջոցով խօսելու մեր գրասենեակի գործունէութեան մասին։ Ինչպէս որ գիտէք, գրասենեակը փակ է, բայց ես կը շարունակեմ աշխատիլ տունէն։ Երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 3։ Մեր համայնքի զաւակները կրնան կապուիլ հետս, հետեւեալ թիւին զանգելով՝ 416-495-0644 եւ ձգել իրենց տուեալները` անուն եւ հեռաձայնի թիւ, ապա՝ յիշել զանգելու պատճառը։ Անոնք նաեւ կրնան հետս կապուիլ ե-նամակով arssocialservices@gmail©com։ Մեր գրասենեակը ունի նաեւ դիմատետրի էջ (facebook page) arssocialservicesoffice-Toronto, ուր կը նշուին որեւէ փոփոխութիւն, նորութիւն կամ աշխատանքի ապահովութեան մանրամասնութիւն։
Հ-Կառավարութեան յայտարարած եւ մատուցած օգնութեան ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն կրնա՞ք տալ մեր ընթերցողներուն։
Պ- «Քորոնա» ժահրի պատճառով կառավարութիւնը այլազան նորութիւններ բովանդակող օգնութեան ծրագիրներու յայտարարութիւններ ըրաւ, որոնցմէ մէկը շտապ օգնութեան նպաստն է Canada Emergency Response Benefit /CERB/: Նախքան շտապ օգնութեան նպաստի բացատրութիւնը, բացատրեմ անոր եւ աշխատանքի ապահովագրութեան` Employment Insurance-ի (EI) տարբերութիւններուն մասին։ Employment Insurance-ը միշտ եղած է ու կայ, երբ գործատէրը պաշտօնեային գործէն դուրս հանէ, անոր Record Of Employment կու տայ, որ ցոյց կու տայ աշխատանքի մանրամասնութիւնները, թէ ե՞րբ աշխատանքի ընդունուած է, որքա՞ն ժամանակ աշխատած է եւ ի՞նչ գումար վաստակած է։ Այդ ROE-ի թուղթը կառավարութեան կու տայ անգործ մնացած անձը եւ անոր հիման վրայ իրեն կ’ըսեն, թէ որքան գումար պիտի տան եւ քանի ամիս տեւողութեամբ։ EI դիմելու համար պէտք է վերջին մէկ տարուան ընթացքին առնուազն 600 ժամ աշխատած ըլլայ դիմորդը։
Ոմանք, որոնց աշխատանքի ժամերը նուազած են եւ ժահրի պատճառով իրենց ունեցած աշխատանքը կորսնցուցած են, միեւնոյն ժամանակ նախորդ 12 ամսուան ընթացքին $5000 վաստակած են՝ կրնան Canada Emergency Response Benefit դիմել։
Հ-Ինչպէ՞ս կարելի է Canada Emergency Response Benefit դիմել եւ ի՞նչ ակնկալել։
Պ- Երկու տարբեր ձեւերով կրնան դիմել` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն 1-800-959-2019 եւ 1-800-959 -2041 կամ համակարգիչով` Canada Revenue Agency-CRA Գանատայի Եկամուտի գործակալութեան միջոցով: Ուրեմն եթէ EI դիմէք պէտք է երկու շաբաթը մէկ կառավարութեան տեղեկագրութիւն տաք, որ աշխատիլ չէք սկսած եւ անոր հիման վրայ կառավարութիւնը կը շարունակէ ձեզի վճարել, իսկ CERB-ը 16 շաբթուայ համար նախատեսուած է (4 ամիս տեւողութեամբ), իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթը դարձեալ կը դիմէք, որպէսզի ձեզի գումարը վճարեն։ EI-ը տարեկան եկամուտիդ 55% կը վճարէ եւ այդ ալ ամսական դրութեամբ, իսկ CERB-ն 2000 տոլար կը վճարէ։ Կառավարութիւնը այս դժուար օրերը նկատի առնելով որոշում առաւ, որ Մարտ ամսուան 15-էն ետք EI դիմողներուն ալ $2000 պիտի յատկացնէ, որպէսզի բոլորն ալ հաւասարապէս վճարուին։ Այս բոլոր յայտարարութիւնները մանրամասնութեամբ կրնաք գտնել Canada@ca կայքէջին մէջ:
Հ- Շատեր շտապ օգնութեան նպաստ Canada Emergency Response Benefit (CERB) ստանալու դիմեցին եւ առանց հարցուփորձի կամ ստուգման $2000 ստացան եւ տակաւին կը շարունակեն ստանալ, ասոր մասին ի՞նչ կ’ըսէք:
Պ- Դժբախտաբար կառավարութիւնը բաւական ճնշուած է այս շրջանին, հետեւաբար գումարներ յատկացուց բոլորին` առանց փաստաթուղթեր պահանջելու, սակայն երբ ամէն ինչ հանդարտի եւ կառավարութիւնը ձեզմէ փաստաթուղթեր ուզէ ու դուք չկարենաք յատկացնել զանոնք, այս պարագային ձեզի տուած գումարը պիտի պահանջէ, հետեւաբար, կամ ամսական դրութեամբ պիտի վճարես պարտքդ եւ կամ տարեկան տուրքը վճարած ժամանակդ բարձր գումար տալիք պիտի ունենաս իրեն: Կրնայ ըլլալ որ իւրաքանչիւր անհատ այլազան պարագաներ ունենայ կամ շփոթի ու չկարենայ կողմնորոշուիլ, ահաւասիկ այդ պարագային, թող հանգիստ զգայ ու դիմէ ինծի ու ես կարելիութիւնս կ’ընեմ եւ ճիգ չեմ խնայեր իրեն հարցերուն պատասխանելու եւ օգտակար դառնալու:
Հ-Վերջերս ուրիշ ի՞նչ նպաստ կամ օգնութիւն կը յատկացնէ կառավարութիւնը եւ որո՞նց:
Պ-Կառավարութիւնը նաեւ շտապ օգնութեան նոր միջոց մը որդեգրած է ուսանողներուն համար Emergency Response Benefit for Students, որ պիտի սկսի Մայիսէն ու տեւէ մինչեւ Օգոստոս, մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն, բայց երբ ի յայտ գան, զանոնք կը հրապարակենք մեր դիմատետրի` facebook-ի էջին վրայ: Այլ ծրագիր մը եւս կայ CECRA Canada Emergency Commercial Rent Assistance Program ասոր եւ Temporary pandemic pay for frontline heroes program-ին գծով հետաքրքրուողներուն համար կրնամ յղումներ կատարել:
Հ- Ի՞նչ պէտք է ընեն անոնք, որոնք վարակուելէ կը վախնան եւ չեն ուզեր աշխատանքի երթալ ժահրին պատճառով:
Պ- Եթէ ապահով չէք զգար ձեր աշխատած տեղը կամ վախ ունիք, որ ձեր գործատէրը գործէն դուրս կրնայ հանել ձեզ, կամ թէ որոշէք գործի չերթալ ապահով չզգալու պատճառաւ, կրնաք կապուիլ Worker Action Centre 416-531-0778 or toll free 1-855-531-0778 or online at www©workersactioncentre©org եւ իրենք ձեզի ճիշտ ուղին ցոյց կու տան եւ ձեր հարցումներուն կը պատասխանեն:
Հ- Ընտանիքներուն եւ անոնց թերահաս զաւակներուն համար ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ նախատեսած է կառավարութիւնը։
Պ- Ունինք նաեւ ընտանիքի աջակցութեան դիմում-Family Support, հետեւեալ թիւով՝ 1-888-444-3770 կամ ե-նամակով supportforfamilies@ontario@ca կրնաք դիմել կառավարութեան: Բոլոր անոնք, որոնք զաւակ ունին (նորածին մինչեւ 12 տարեկան) կրնան դիմել եւ ամէն մէկ զաւակի համար 200 տոլար ստանալ: Եթէ զաւակը ֆիզիքապէս անկարող է` 250 տոլար կը ստանան: Այս դիմումին համար պիտի ուզուի ձեր դրամատան հաշիւը: Մենք չենք քաջալերել դրամատան հաշիւ տալ, բայց այս դիմումին համար հաշիւը անպայման պէտք է: Եթէ ե-նամակ մը ստանաք, որուն բովանդակութիւնը յստակ չէ, ապահովութեան համար, ինծի ղրկեցէ’ք եւ ես կը կարդամ ձեզի համար եւ կը գիտնանք ինչո՞ւ համար պէտք ունին ձեր հաշիւը:
Family support-էն զատ ունինք Child Tax Benefit` պզտիկներուն հարկային նպաստ: Այս օգնութիւնը դիմում պէտք չունի: Եթէ Child Tax Benefit արդէն կը ստանաք, ուրեմն ինքնաբերաբար այս գումարը պիտի բարձրանայ: Իսկ անոնք, որոնք Social Assistance, այսինքն` ամսական դիւրութեամբ օգնութիւն կը ստանան, անոնց համար մէկ անգամուայ համար դիմում կայ, որ Ապրիլ 30-էն առաջ պէտք է դիմուի, որ յաւելեալ 100 տոլար ստանան մէկ անգամուան համար կամ 200 զոյգի` տէր եւ տիկնոջ պարագային: Ֆիզիքապէս անկարողներու նպաստ ունեցողը դիմելու պէտք չունի, որովհետեւ ինքնաբերաբար մէկ անգամուայ համար յաւելումը պիտի ստանայ:
Հ- Արդեօ՞ք ձեր գրասենեակին նախկին եւ ամենօրեայ ծառայութիւնները կը շարունաուի՞ն այս դժուար օրերուն եւս:
Պ- Այս բոլորէն անկախ մեր գրասենեակը կը շարունակէ անցեալի իր ծառայութիւնները յատկացնել հայ համայնքի զաւակներուն: Այդ ծառայութիւնները կը յատկացուին մանուկներուն, երիտասարդներուն, ընտանիքներուն, երէցներուն եւ նորեկներուն։ Անհատներուն համար կենսագիր (resume) պատրաստել, աշխատանքի փնտռտուք (employment searches), տեղացիութեան դիմում (citizenship application« passports) ճամբորդութեան փաստաթուղթեր (travel documents), մնայուն բնակութեան դիմում եւ նորոգում (PR cards« renewals), ֆիզիքական անկարողութեան գծով օժանդակութեան դիմում (ODSP), նորածինի արձանագրութիւն (new baby registration) եւ այլ կենցաղային հարցերու ծառայութիւններ։
Կը մաղթեմ, որ բոլորս առողջ մնանք մեր ընտանիքներուն եւ սիրելիներուն հետ, համբերատար ըլլանք, սիրով մնանք վստահ ըլլալով, որ շուտով վերջ պիտի գտնէ այս համաճարակը։
Ստորեւ ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի ընթացիկ ծառայութիւններուն ցանկը.
- Citizenship
- Travel document
- Passport
- Old age security
- Ontario work + interview
- Ontario disability + interview
- New child registration
- Employment Insurance (Maternity, Work, Sickness)
- Housing – If Housing agent not available
- Visa – If other agency workers are not available
- Resume writing and employment search – When there is no response from work agencies
- Homemaking and nurses’ services
- Address change
- IRCC inquires
- Toronto welcome policy for activities – All ages
- Healthy smile – low income – children under 18 years old
- Low income elder dental application
- Hst/GST
- Permanent resident card application and renewal
- Health card renewal
- Tickets (parking-speeding)
- Child tax benefit
- Trillium drug program
- Electricity Bill
- Youth Volunteering