Հրանդ Տինքի Յիշատակի Անտառ


«Ասպարէզ»․- Կալին Աղէկեան՝ Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 10րդ դասարանի աշակերտ

19 Յունուար 2007ին, երբ պոլսահայ խմբագիր եւ լրագրող Հրանդ Տինք անգութօրէն սպաննուեցաւ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ, հայ ժողովուրդը՝ Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր, զայրացած վիճակ ունէր: Այս վիճակը հայերը աշխարհին ցոյց տուին՝ բազմահազարներու քայլարշաւներով, փողոքի ցոյցերով եւ այլ խաղաղ ձեւերով: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ հաստատուած «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»ը (ATP-Armenian Tree Project) որոշեց յիշատակի անտառ մը հաստատել Հայաստանի Լոռի մարզին մէջ, Մարգահովիտի մօտ, որ 1700 մեթր բարձրութեան վրայ գիւղ մըն է եւ ունի 4000 բնակիչ:

«Հրանդ Տինքի Յիշատակի Անտառ»ին նպատակն է զոհուած լրագրողին յիշատակը դալար ու անմար պահել: Հոն լերկ լերան մը վրայ տնկուած են 53,000 ծառեր: Այդ ծառերը կը խորհրդանշեն Հ. Տինքի կեանքի 53 տարիները: Անտառը 14 հեքթար է՝ երկու հողամասերու վրայ տարածուած: Այժմ մշտադալար ու խիտ սոճիներ կը զարդարեն այդ երբեմնի լերկ լեռնալանջը:

Անտառի մուտքին տեղադրուած են երկու ցուցանակներ, որոնք հիմնական տուեալներ կու տան անոր մասին:

Անտառը ամէն տարի կ՛ունենայ հայ թէ օտար պատուոյ այցելուներ: Այդ այցելութիւններէն ամէնէն պատմականը՝ Կ. Պոլսոյ մօտ Ամերիկայի 1913-1916 թուականներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ընտանիքի երրորդ սերունդի անդամներուն յարգանքի այցելութիւնն էր:

27 Ապրիլ 2015 թուականին, դեսպան Մորկընթաուի ծոռերը՝ տոքթ. Հենրի Պեն Մորկընթաու IV-ն ու Պապ Մորկընթաուը, ծառ մը տնկեցին Հրանդ Տինքի յիշատակի անտառին մէջ: Կ՛արժէ յիշել, թէ ասիկա տոքթ. Հենրի Պեն Մորկընթաու IV-ի երկրորդ այցելութիւնն էր Հայաստան: Ան առաջին անգամ 1999ին Երեւան գացած էր, Ծիծեռնակաբերդի մէջ պատուոյ պատին վրայ իր մեծ-մեծ հօր՝ դեսպան Մորկընթաուի անուան զետեղումին առթիւ: Ան նաեւ դեսպանին գերեզմանէն հող բերած էր եւ մասնակցած երեւանեան վարժարանի մը՝ «Հենրի Մորկընթաու» վերանուանման հանդէսին:

«Հայաստանի Ծառատունկ Ծրագիր»ին երազը, ահա՛ տասը տարի է որ իրականացած է: Այս անտառին 53 հազար ծառերը ո՛չ միայն կը խորհրդանշեն հայ հերոս Հրանդ Տինքի ապրած 53 տարիները, այլեւ աշխարհին կը փաստեն, թէ հայ ժողովուրդը ո՛չ մէկ ատեն պիտի մոռնայ անոր յիշատակը: Կ՛եզրափակեմ՝ մէջբերելով բանաստեղծ Պ. Դուրեանի խօսքերը.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ

Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,

Եւ յիշատակս ալ թառամի,

Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»։

(«Իմ Մահը»)

Այս տողերը ցոյց կու տան, թէ սիրելի եւ յարգելի Հրանդ Տինքը կենդանի է մինչեւ հիմա, եւ այնքան ատեն, որ այս մշտադալար ծառերը կանգնած կը մնան, ան երբե՛ք պիտի չմորցուի:

«Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»ը (ATP) հիմնուած է 1994ին, պոսթընաբնակ ազգային գործիչ, բարերար Քարոլին Մուկարի (Մկրտիչեան) կողմէ:

Ծրագիրին նպատակն է Հայաստանի սահմանամերձ եւ լեռնային գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մօտ ծառեր տնկել ու անտառային տնտեսութեամբ զարգացնել շրջանը, ինչպէս նաեւ պայքարիլ աղքատութեան դէմ: Անիկա ունի 2 տնկարան՝ 60 անտառաբան պաշտօնեաներով: Հաստատութիւնը մինչեւ այսօր տնկած է 5 միլիոն ծառ (Արարատ մարզին մէջ՝ 38 հազար, Շիրակի մէջ՝ 70 հազար, Արցախի մէջ՝ 29 հազար, եւլն.):

ATP-ի աշխատանքներուն շնորհիւ, ծառերով զարդարուած են Խոր Վիրապի, Նորավանքի եւ այլ եկեղեցիներու տարածքները, ինչպէս նաեւ՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ այլ պատմամշակութային վայրեր, դպրոցներու շրջափակեր եւ այլն: