Լոռի Պէրպէրեան
Յստակօրէն կը յիշեմ այն օրը, երբ քսանեօթը աշակերտներով ուղեւորուեցանք դէպի այն հողը, որ մեզ խորքով ամենէն լաւը կը ճանչնայ՝ կեանքի ուղղութեան համար անոր խորհուրդը ստանալու:
Մեծամասնութիւնս անոր հանդիպած էինք տարինե՜ր առաջ, այնքան առաջ, որ չէինք գիտեր ինչ ակնկալենք: Սակայն այս յատուկ ճամբորդութեան առաջացնող անզսպելի խանդավառութիւնը որեւէ դասարանային այլ պտոյտի տրամադրութեան հետ չէր բաղդատուեր․․․
Կ՛անցնէինք Atlantic ովկիանոսին վրայէն` մեր մտածումները յառած այն հողին, որ մեր ժողովուրդը «հայրենի» կը կոչէ, այն հողին, որ մեզի ազգանուն տուած է, այն հողին, որուն անտեսանելի խորքերը այնքան անշարժ արմատներ նետած ենք, որ զանոնք արմատախիլ ընելը իրապէս անկարելի է: Կ՛երթայինք դէպի այն հողը, որ մեր աչքերը բանալէն ի վեր իսկ կը համարենք մեր հայրենիքը, թէեւ անիկա ծննդավայրն էր միայն մեր հոգւոյն:
Երկա՜ր ճամբորդութեան ընթացքին անհամբեր կը հետեւէիք տեսահոլովակով ներկայացուող օդանաւին թռիչքուղիին, որ կամա՜ց-կամա՜ց կը մօտենար հսկայական ձիւնածածկ գագաթին, որ անկասկած օդաչուին առաջնորդող փարոսն էր դէպի հայոց երկիրը:
Մայր Հայաստանի մէջ անցուցած ամբողջ ժամանակի ընթացքին, աչքերուս առջեւ կը մարմնանային բոլոր դէպքերն ու հերոսները, որոնց մասին հազարաւոր պատմութիւններ ու հեքիաթներ լսած էի մանկութենէս ի վեր:
Օրէ օր, մայր Հայաստանը մեզ կը սնուցանէր այնպիսի ներշնչումով ու սիրով, յուսալով որ ոեւէ մէկը նոյնիսկ չմտածէր վերադառնալու մասին, այնքանովª որ մեզմէ մի քանին սկսան լրջօրէն մտածել հայրենիք մնալու կարելիութեան մասին:
Հետաքրքրական էր տեսնել՝ սփիւռքի հայ քսանեօթը զաւակներ հայրենիք այցելութեան եկած ու անոր հարուստ մշակոյթով հիացած` նոր կը հասկնան, որ իրենց բոլոր տեսածը իսկապէս իրենց ինքնութեան մաս կը կազմէ:
Առաջին անգամ, որ Արցախեան հողի վրայ ոտքս դրի, արդէն իսկ Արցախի ժողովուրդին արժանի հայրենասիրութեամբ կը յորդէր հոգիս` քաջերու հողէն արտացոլող անսահման անվախութեան ճառագայթներէն: Այդ դիւցազնական հողին վրայ մեր քանի մը օրերը անցուցինք ամենայն հպարտութեամբ` երբեմն ականջէ-ականջ տարածուող ժպիտով, սակայն մեծ մասամբ մեր այտերէն վար հոսող արցունքներու եռանդուն հեղեղով․ հոսանք ոչ տխրութեան, այլ՝ ցաւի: Սիրտ ծակող վիշտի արցունքները իրենց ունեցած բոլոր ուժով ընթացք առին մանաւանդ, երբ սրբազան հողին վրայ հանդիպեցանք հայրենազոհ Բեկոր Աշոտի նուիրուած յուշարձանին, Շուշիի ներկայ զօրանոցի մեր ինքնազոհ քաջերուն ու մեր օթեւանի սենեակի պատուհանէն երեւցող Ստեփանակերտի պաշտպան` մշտափայլ սպիտակ խաչին:
Այդ ժամերուն զգացած կսկիծս կրնամ բացատրել միայն իմ զարմիկիս բուռն բարկութեան օրինակով. երբ եօթ տարիներ առաջուան մեր ընտանեկան հայաստանագնացութեան պտոյտին աւարտին` իսկապէս նեղացած, անվերջ կը հարցնէր. «Ինչո՞ւ պէտք է Լիբանան վերադառնանք, հազիւ սկսայ հասկնալ իրենց խօսած լեզուն»: Նոյնպէս, հազիւ սկսած էի հասկնալ, որ սիրտս իր պատմական տան կը պատկանի, որ հոգիս այդ ազատ ու անկախ երկինքին մէջ թռիչք կ՛առնէ, եւ ես` հայկական հողի վրայ ամբողջ էութեամբս ուրախ կը զգամ:
Տասնհինգ ամեայ աչքերս, միայն տասնհինգ օրուան մէջ, ասոնք քաղեցին իմ հրաշալի երկրէս: Բայց, այս նոր յայտնութիւնները սրտիս մէջ նոր սերմ մը ցանեցին, որոնք մայր հողէն յուշերս ու նոր լուրերը կը ջրեն: Այս հատիկը կ՛ընձիւղի ու երթալով կ՛աճի ու ատենը մէյ մը կը հասնի իմ մտքիս ու ըմբոստաբար կը սթափեցնէ զայն եւ կը հարցնէ․ «Բայց, ինչո՞ւ տասնհինգ տարի չէր»: