Ազգային Բարոյական Տաճար Ընդդէմ Հայրենասիրութեան Շուկային


Ժիրար Չոլաքեան


Դեռ իրարու ըսելիք ի՞նչ կրնան ունենալ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հաւաքուած 1800 ժողովականներ, 6րդ անգամ ըլլալով իրարու հետ հանդիպելով: Ոչի՛նչ: Ա՜յն աստիճան մեծ է յուսախաբութիւնը: Կրկնուող համաժողովներ, հանդիսաւոր ճառեր, հայրենասիրական երգեր, ներդրումներ ընելու կոչեր, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ թուրքեւազերի սպառնալիք, որոնք դարձած են Արամ վեհափառի խօսքով՝ փակ օղակներ, սակայն, տնտեսութեան զարգացման մեքենան կը մնայ խանգարուած, աշխատատեղեր ստեղծելու հնարաւորութիւնները՝ սահմանափակ, օտարերկրեայ ներդրումները՝ նուազուրդի մէջ: Բոլորի միտքին մէջ կը դառնայ նոյն յանկերգը՝ արտագաղթ, տնտեսական ճգնաժամ, անարդարութիւն, կաշառակերութիւն, ընտրական խախտումներ:

Հակառակ այս բոլոր բացասական երեւոյթներուն, պէտք է խանդավառութիւն խաղալ, ոգեւորութեան պահեր ստեղծել՝ ոգեւորութենէ կշտացած հասարակութեան եւ դրական արդիւնքներու ծարաւ հանրութիւններուն համար: Ամէնուրեք իշխանաւոր դասակարգին հանդէպ բացարձակ անվստահութեան պայմաններու մէջ, շուրջ 1500 սփիւռքահայեր, զանազան երկրամասերու սահմանները կտրած՝ հասած են Հայաստան, հիւանդ հայրենիքի փրկութեան ճար գտնելու:

Հակառակ ժողովուրդի կէսէն աւելիին՝ միջազգային չափանիշներով սահմանուած թշուառութեան սեմէն ցած կենսամակարդակով ապրելուն, հայաստանեան հիւրասիրութեան սովորութիւններուն համաձայն՝ նախքան Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի բացումը, 1400-1500 հրաւիրեալներ Կիրակի, Սեպտեմբեր 17ին «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ ճոխ կերուխումով եւ ազգայնաշունչ հանդիսութեամբ հիւրասիրուեցան Սփիւռքի նախարարուհիին կողմէ:

Երկուշաբթի առաւօտուն, նախորդ օրուան հանդիսադրութիւնը շարունակուեցաւ համաժողովի 1800 հրաւիրեալներուն ընդունելութիւնը կատարելով՝ հպարտ յաղթական պետութեան արժանավայել փողերախումբի ռազմական շեշտադրումներու նուագով, մարզահամալիրի ընդարձակ կամարներուն տակ: Ստուարածաւալ հանդիսասրահը լեցուն էր աշխարհի 70 երկիրներէ ժամանած ժողովականներով. բեմին վրայ տեղ գրաւած էին պետութեան եւ հոգեւոր իշխանութեան գլխաւոր դերակատարները՝ Սփիւռքի նախարարուհի, Գարեգին Բ. վեհափառ, նախագահներ Սերժ Սարգսեան ու Բակօ Սահակեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան, հզօր հայրենիքի, արտագաղթի կասեցման, հայրենադարձութեան մասին Հայաստանի ղեկավարներու յաւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս յանդգնութիւնը ունեցաւ իրեն յատուկ հռետորական ոճով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տնտեսութեան ու զբօսաշրջութեան շուկայական գաղափարախօսներուն առջեւ բարձրացնելու բարոյական արժէքներու հաւաքական գիտակցութեան դրօշը՝ «ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար, թոյլ չտանք, որ մեր ազգի արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի… Անհրաժեշտ է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դո՛ւրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագիծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւո՛ր հիմքերէն մէկը»:

Վեհափառը քանիցս շեշտեց. «Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ»:

6րդ համաժողովը վերջապէս իր նպատակին հասաւ: Արամ Ա. իր հեղինակութեամբ, իր խօսքի ուժով, նո՛ր թափ տուաւ համաժողովին եւ վերաիմաստաւորեց զայն: