Ազգային Ժողովի Նախագահ Ընտրուեցաւ Արա Բաբլոյեան


«Արմենփրես»․- Մայիս 18ին տեղի ունեցաւ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստը: Նիստը կը վարէ նորընտիր խորհրդարանի ամենատարեց պատգամաւոր, Հայաստանի քրտական համայնքի ղեկավար Կնեազ Հասանով:

Նիստին ներկայ էին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․:

88 կողմ ձայներով խուրհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Արա Բաբլոյեան։

ԱԺ նախագահի թեկնածու Արա Բաբլոյեանին առաջադրած էր Հանրապետական կուսակցութիւն, էդմոն Մարուքեանին` «Ելք» դաշինքը:

Նիստին ընթացքին ՀՀ կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց, որ ընդունուեցաւ նախագահ Սարգսեանի կողմէ։

Այս առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի.

«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաuտանի Հանրապետութեան Uահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 4րդ կէտով եւ հաշուի առնելով, որ 2017ի Մայիս 18ին գումարուած է Հայաuտանի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը` կ՛որոշեմ.

  1. Ընդունիլ Հայաuտանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:
  2. Հայաuտանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն` շարունակել պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
  3. Uոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ uտորագրման պահէն»:

Նշենք, որ ըստ օրէնսդրութեան, Ազգային Ժողովի անդրանիկ նիստին, այսօր կառավարութիւնը վար դրաւ իր լիազօրութիւնները, որմէ ետք 10 օրուան ընթացքին Հայաստանի նախագահը պիտի նշանակէ նոր վարչապետ: Վարչապետի նշանակումէն 20 օրուան մէջ պիտի նշանակուին կառավարութեան անդամները, իսկ ատկէ եւս 20 օրուան ընթացքին պիտի հաստատուի կառավարութեան ծրագիրը: