Ազգի Մը Տառապանքը


Լոռի Պէրպէրեան

Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին, Ե­ռաբ­լու­րը հար­թո­ւե­ցաւ այ­ցե­լու­նե­րու քայ­լե­րէն․ հո­ղը պա­րար­տա­ցաւ յոր­դող ար­ցունք­նե­րէն:

Ա՜խ, ի՜նչ ­ձայ­ներ քա­շո­ւե­ցան ան­սանձ գո­ռա­լէն, որ­քա՜ն ­կո­կորդ­ներ չոր­ցան ան­վերջ լա­լէն: Որ­քան սրտեր վնա­սո­ւե­ցան ա­րագ տրո­փե­լէն, քա­նի ձեռ­քեր վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան գե­տի­նը հա­րո­ւա­ծե­լէն: Պա­տե­րազ­մին սկիզ­բէն ի վեր, շա­պիկ չմնաց, որ չպատ­րո­ւե­ցաւ շիր­մա­քար ող­ջա­գու­րե­լէն․ ե­րես չմնաց, որ չցե­խո­տե­ցաւ զո­հին համ­բու­րե­լու ա­պար­դիւն փոր­ձե­րէն:

Մէկ ակն­թար­թէն, հայ­րե­նի­քի մո­մե­րը հա­տե­ցան ա­ղօթք­նե­րէն․ հա­զա­րա­ւոր հո­գի­ներ վրդո­վե­ցան ան­պա­տաս­խան հար­ցում­նե­րէն: Ա­ղա­չանք, ափ­սո­սանք լսո­ւե­ցաւ ա­մէն տու­նէ, իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք տան­ջո­ւե­ցաւ նա­հա­տա­կի մը յի­շա­տա­կէն:

Ի՜նչ­ օ­րեր էին ա­նոնք, երբ կը վախ­նա­յինք հա­յու մը հարց­նել ե­թէ Հա­յաս­տան ըն­տա­նիք ու­նէր, ո­րով­հե­տեւ այդ մտա­ծու­մը կրնար փո­րել ցա­ւի նոր վի­հեր: Այն օ­րե­րը երբ կը ջա­նա­յինք այ­լեւս լու­րե­րը չլսել, որ­պէս­զի մեր սիր­տը չկոտ­րեր: Ա­նի­կա ար­դէն այն­քան տա­ռա­պած էր, քիչ մնաց տրո­փու­մը ամ­բող­ջո­վին պի­տի դադ­րեր:

Այդ օ­րե­րը սփիւռ­քա­հա­յը կ­՛ա­նի­ծէր իր հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քէն ու կ­՛ե­րա­զէր ըլ­լալ դրա­ցին` տա­ռա­պող հայ­րե­նա­կի­ցին: Այ­լեւս չէր մտա­հո­գո­ւեր, թէ որ­քան դժո­ւար կրնար ըլ­լալ, ան ո­րո­շած էր Եր­կիր վե­րա­դառ­նալ: Այդ օ­րե­րը սա­կայն ե­կան ու նոյն­քան դիւ­րու­թեամբ գա­ցին, մնա­ցին միայն ցա­ւե­րը տե­ղա­ցիին:

Չեմ գի­տէր ո՞րն­ է ա­ւե­լի դժո­ւա­րը. գի­տակ­ցի­լը, թէ որ­դիդ կեան­քը տո­ւաւ թշնա­միին վայ­րա­գու­թեա՞ն ­թէ դրա­ցիիդ դա­ւա­ճա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով: Այս հար­ցին պա­տաս­խա­նին նման շա՜տ ­բա­ներ ա­նո­րոշ մնա­ցին այս կռո­ւին ըն­թաց­քին, նոյ­նիսկ գե­րեզ­ման­նե­րը` հա­րիւ­րա­ւոր մար­տի­րոս­նե­րու:

Ե­թէ կրնա­յի մէկ խօսք ը­սել բո­լոր խո­ցո­ւած սրտե­րը սփո­փե­լու հա­մար, կ’ը­սէի․ «Վեր­ջերս եր­կին­քը ճո­խա­ցաւ հա­զա­րա­ւոր հրեշ­տակ­նե­րով»։