Ազրպէյճանի Յարձակման Պատճառով Արցախի Մէջ Իրավիճակը Կը ՄՆայ Լարուած․ Կան Զոհեր եւ Վիրաւորներ


Մարտ 24-ի գիշերը եւ 25-ին Ազրպէյճանի բանակը յարձակում գործեց Արցախի Ասկերանի շրջանի Փարուխ գիւղի ուղղութեամբ:  Ազերիները կ’օգտագործեն տարբեր տեսակի զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր (Bayraktar TB-2)։

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահներու բանակցութիւններու արդիւնքով երէկ գիշեր կարելի եղած է դադրեցնել ազերիներու յառաջխաղացումը, սակայն թշնամին՝ գրաւած Փարուխ գիւղի եւ յարակից տարածքներներէն ետ չէ քաշուած։ Մարտ 25-ին անոնք դարձեալ սկսած են յարձակիլ։ Իրավիճակը կը մնայ լարուած։

Մարտ 25-ի կէսօրէ ետք Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, որ հայկական կողմը ունի 2 զոհ եւ 14 վիրաւոր, իսկ աւելի ուշ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց զոհուած պայմանագրային զինուորներուն անունները՝ նշելով երեք անուն․ անոնք են՝ Դաւիթ Միրզոյեան (1978-ի ծնունդ), Իշխան Օհանեան (1994) և Արարատ Թևոսեան (1990)։

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան այցելած է Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոց եւ ծանօթացած վիրաւոր զինուորներու առողջական վիճակին։ ՄԻՊի հաղորդմամբ` այս պահուն վիրաւորներէն 10-ի վիճակը բժիշկները կը գնահատեն թեթեւ, 1-ը` միջին ծանրութեան, 1-ը` ծանր, 2-ին վիճակը՝ ծայրայեղ ծանր:

Ստեփանեան վիրաւորներու հետ ունեցած զրոյցներէն պարզուած է, որ բոլորը վիրաւորուած են ազերիներու օգտագործած անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն: