Ազրպէյճանի Ներթափանցման Փորձը Ձախողած է․ Սպաննուած է Ազրպէյճանցի 4 Զինուոր


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունիս 21ի լոյս 22ի գիշերը ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձ:

Պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ յատուկ սարքերու ժամանակին նկատած են ներթափանցող խումբին յառաջխաղացումը եւ հակառակորդին պատճառելով առնուազն 4 զոհ` ետ շպրտած են զանոնք իրենց դիրքերը: Ազրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն մօտ թողած է գրոհայիններու յատուկ անձնական պարագաներ:

Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Առաջնագիծին վրայ իրավիճակը կը մնայ արցախեան զինուժի լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ: