Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Մնացած Են Առնուազն 1456 Նշանաւոր Անշարժ Յուշարձաններ Եւ 8 Պետական Թանգարաններ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին իբրեւ արդիւնք՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ։

Այս տեղեկութիւնները փոխանցեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի  (ՄԻՊ) աշխատակազմը` հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին վերաբերեալ հրապարակած զեկոյցին մէջ: Ըստ ՄԻՊ աշխատակազմին՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են նաեւ 8 պետական թանգարաններ` 19 հազար 311 ցուցանմոյշներով, ինչպէս նաեւ Շուշիի գորգերու եւ Հայկական դրամի մասնաւոր թանգարանները:

Ըստ ՄԻՊ հաղորդագրութեան՝ զեկոյցին մէջ ներկայացուած են ազրպէյճանական-թրքական յարձակումին ընթացքին եւ զինադադարէն ետք արձանագրուած` հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու վանտալիզմի շարք մը դէպքեր, ներառեալ` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալիզմի պարագաները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

«Վերհանուած դէպքերու եւ հայատեացութեան պարունակին մէջ վերլուծութիւնը ցոյց կու տան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու խեղաթիւրումը կը կրեն համակարգուած ու համատարած բնոյթ: Ազրպէյճանի պետական մարմիններու ու հանրային դէմքերու գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ ատիկա յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենուած հայ ազգին դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ», կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը:

Նկատի ունենալով  ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը: