Ազրպէյճանցի Զինուորը Կրակած է Հադրութի Յուշահամալիրի Խաչքարին Վրայ


«Արմէնփրես»- Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած է տեսանիւթ մը, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ յուշարձանները պղծելու քաղաքականութեան հերթական վառ ապացոյցն է:

Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս ազրպէյճանցի զինուորը ինքնաձիգ հրացանէ կրակոցներ կ’արձակէ Հադրութ քաղաքի յուշահամալիրի խաչքարին ուղղութեամբ:

Տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ յուշարձանը պղծուած է. Անոր վրայ կան ադզրպէյճաներէն գրութիւններ: