Ազրպէյճան Լայնածաւալ Յարձակում Կը Գործէ Արցախի Սահմանին Ողջ Երկայնքով, Կը Հրետակոծուին Խաղաղ Բնակավայրերը, Ինչպէս Նաեւ Ստեփանակերտը


«Թորոնթոհայ»,- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան կը տեղեկացնէ, որ Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան Ազրպէյճան սկսած է հրետանիէ ռմբակոծել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը։  «Այսօր վաղ առաւօտեան, շփման գիծի ողջ երկայնքով թշնամին բուռն հերտակոծութեան սկսած է: Կը ռմբակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ինրպէս նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Բնակչութեան կոչ կ՛ընենք պատսպարուելու:
Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ մեր պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ, եւ իրավիճակի ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւը», նշած է Պօղոսեան:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան Ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանական զօրքերու` քանի մը ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են։ «Ինչպէս նշած է ՊԲ հրամանատար, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեան, ազրպէյճանական զօրքերը ժամը 07:10-ին յարձակման անցած են շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ: Ազրպէյճանական զօրքերու` մի քանի ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են: Հակառակորդը կրած է մարդկային եւ տեխնիկայի կորուստներ, մասնաւորապէս` երեք հրասայլ: Մարտերը կը շարունակուին»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Արցախի մէջ ընթացող մարտերու ժամանակ հայկական կողմը խոցած է հակառակորդի երկու ուղղաթիռ եւ երեք անօդաչու թռչող սարք:

Իր հերթին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, որ «հակառահորդը Արցախի ուղղութեամբ յարձակում սկսած է»:

«Պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ յարձակումին: Իրավիճակը զարգացման մէջ է, տեղեկութիւնները ըստ անհրաժեշտութեան կ’ամփոփուին եւ կը հաղորդուին: 

Կոչ կ՛ընեմ վստահիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներուն եւ զգօն ըլլալ թշնամական տեղեկատուական հոսանքներուն տրուելէն:

Ամուր կանգինք մեր պետութեան, մեր բանակին թիկունքին` մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ: Ու մենք պիտի յաղթենք:

Կեցցէ՜ հայոց փառապանծ բանակը: Կեցցէ՜ հայոց պետականութիւնը: Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը»,  գրած է Փաշինեան:

 

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան հանդէս եկած է մարտակոչով․

 

«2016 թուականի մարտական գործողութիւններէն շուրջ չորս տարի անց հակառակորդը կրկին դիմած է զէնքի ուժին` կարծելով, թէ այդ ճանապարհով պիտի կարենայ ի օգուտ իրեն լուծել արցախեան հիմնահարցը: Սեպտեմբերի 27-ի առաւօտեան ազրպէյճանական բանակը հրթիռներու ու անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն ետք յարձակման անցած է շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ:  Այս պահուն Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները, հակառակորդին մեծաթիւ կորուստներ պատճառելով, յաջողութեամբ կը խափանեն անոր ծրագիրները: Այդ ծրագիրները մեզի յայտնի են վաղուց, անոնց էութիւնը կարելի է արտայայտել մէկ բառակապակցութեամբ` հայաթափել Արցախն ու Հայաստանը:

 Վստահ եղէք, այս անգամ եւս հակառակորդը  պիտի ձախողի․․․: Յաղթանակը պիտի պահանջէ ուժերու գերլարում եւ երկաթակուռ միասնութիւն: Հիմա մէկ կողմ պիտի դրուին բոլոր տարակարծութիւնները, բոլոր տեսակէտները, բոլոր  կարծիքները: Մեր նպատակը մէկն է` ջախջախել հակառակորդը բոլոր հնարաւոր միջոցներով, խորտակիչ հարուածներ հասցնել անոր զինուած աւազակախմբերուն, ոչնչացնել անոր ռազմական ենթակառուցուածքը,  անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ ընդարձակել անվտանգութեան գօտին ու պարտադրել վերջնական խաղաղութիւն:

 Այդ խնդիրը կատարելու համար պէտք է մէկտեղուին բոլորիս ջանքերը:

 Մեր յաղթանակը այլընտրանք չունի. մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներուն շիրիմներն ու մեր երեխաներուն ապագան: Մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներուն հողին վրայ ապրելու իրաւունքը:

 Մեզի հետ է ամբողջ հայ ժողովուրդը:

 Մեզի հետ է արդարութիւնը:

 Մեզի հետ է Աստուած:

 Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ»: